ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, Մայիս 4ին մերժեց Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը, որուն բացասական գնահատական տուած էր Ծերակոյտի սահմանադրական յանձնաժողովը, ինչպէս նաեւ՝ կառավարութիւնը: Բանաձեւին քննարկումը կասեցնելու ի նպաստ քուէարկեցին 196 ծերակուտականներ, իսկ զայն քննելու համամիտ էին 74 ուրիշներ:
Արդարադատութեան նախարար Միշել Մարսիէն նշեց, թէ օրինագիծը պիտի յանձնէ իրաւաբաններու, որպէսզի անոնք ներկայիս ի զօրու ֆրանսական օրէնքներու միջոցաւ կարենան կազմակերպել ֆրանսահայերու իրաւանց պաշտպանութիւնը՝ նկատի ունենալով անոնց ծագումը՝ իբրեւ Ցեղասպանութենէն տուժածներ: Ան յիշեցուց, թէ Ֆրանսա արդէն իսկ 2001ին հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Ըստ նախարարին, հարցը այդ ձեւով կարելի է լուծել, որովհետեւ ֆրանսական օրէնսդրութիւնը արդէն իսկ պատիժներ կը սահմանէ ցեղային խտրականութեան, ատելութեան եւ բռնութեանց դիմողներուն դէմ:
Ծերակոյտին կողմէ բանաձեւին քննարկման ընթացքին ֆրանսահայերը բողոքի ցոյց մը կը կատարէին շէնքին առջեւ: Մէկ օր առաջ, թուրք ազգայնամոլներու «Թալիաթ փաշա կոմիտէ» կոչուած խումբը ցոյց մը կատարած էր բանաձեւին դէմ:
Յիշեցնենք, թէ բանաձեւը առաջարկուած էր երկրին Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ։
Շաբաթ օր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ, որ ըսած էր, թէ կառավարութիւնը Ծերակոյտին կը ձգէր այս հարցին շուրջ վերջին որոշումը: