
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Մայիս 5-13ի ընթացքին, Գիւմրիի մէջ պիտի իրականացուի երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը: Պիտի մասնակցի շուրջ 1100 պատանի եւ երիտասարդ երաժիշտ-կատարող՝ Հայաստանի բոլոր մարզերէն, Արցախէն եւ աշխարհի 22 երկիրներէ, ինչպէս՝ ԱՄՆ, Արժանթին, Պելոռուս, Եգիպտոս, Թուրքիա, Չինաստան, Ռուսիա, Մեծն Բրիտանիա, Իրան, Ֆրանսա եւ այլուր:
Մրցոյթ-փառատօնը պիտի ընթանայ մէկ փուլով, տարիքային չորս խումբով՝ կրտսեր խումբ (մինչեւ 13 տարեկան), առաջին խումբ (13-17 տարեկան), երկրորդ խումբ (18-25 տարեկան), երրորդ խումբ (26 տարեկան եւ վեր), ինչպէս նաեւ եօթը անուանակարգերու մէջ (դաշնամուր, լարային գործիքներ, ակադեմական երգեցողութիւն, ժողովրդական երգեցողութիւն, ժողովրդական գործիքներ, անսամպլ եւ փողային գործիքներ):
Մրցոյթը պիտի գնահատուի մասնագիտական եօթը յանձնաժողովի կողմէ, որոնց մէջ ընդգրկուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու 77 ծանօթ արուեստագէտներ, երաժիշտ-կատարողներ, երաժշտագէտներ: Մրցոյթի դատակազմի որոշումները վերջնական են եւ փոփոխման ենթակայ չեն:
Փառատօնի ծիրէն ներս, Մայիս 6-7 պիտի կայանայ «Հայաստանը եւ համաշխարհային մշակոյթը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը՝ նուիրուած հայ մեծանուն երաժշտագէտ Էդուարդ Միրզոյեանի 90ամեակին: Իսկ ամբողջ մրցոյթ-փառատօնը այս տարի նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 20ամեակին:
«Վերածնունդ» մրցոյթ-փառատօնի կազմակերպիչներն են՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, Մարդկային միջոցներու զարգացման «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամը եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղը: Մրցոյթ-փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս»ը:
«Վերածնունդ»ը կ՛իրականանայ Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ:
Նշենք, որ երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» մրցոյթ-փառատօնը Գիւմրիի մէջ կ՛իրականանայ 2007էն ի վեր: