
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հակառակ Ճափոնի կրած բոլոր դժուարութիւններուն, Թոքիօ պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ շարունակել իր աջակցութեան ծրագիրները: Այս մասին Մայիս 4ին Երեւանին յայտարարած է Ճափոնի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիսասու Թոքունական, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Սերժ Սարգսեան մէկ անգամ եւս ցաւակցութիւն յայտնած է 2011ի Մարտ 11ին, Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական երկրաշարժին կապակցութեամբ, որ բազմաթիւ զոհերու եւ աւերածութիւններու պատճառ դարձաւ, նշելով, որ, ցաւօք, 1988ին հայ ժողովուրդը նոյնպէս բնութեան այդ աղէտի սարսափելի հետեւանքները կրած է:
«Մենք հիացած ենք ձեր ժողովրդի արիութեամբ եւ տոկունութեամբ՝ ճակատագրի այդ ծանր հարուածը կրելիս: Ի հարկէ, ուշադրութեամբ հետեւում ենք Ճափոնիայի կառավարութեան գործադրած ջանքերին՝ Ֆուկուշիմա-1 ատոմակայանի վթարի հետեւանքների վերացման ուղղութեամբ, եւ լիայոյս ենք, որ ձեզ կը յաջողուի չէզոքացնել բոլոր հետեւանքները», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Ճափոնի համար այս ծանր ժամանակաշրջանը չի խանգարեր երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելուն, որուն նպատակով, տակաւին անցեալ տարուան Յունիսին Թոքիոյի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Հիսասու Թոքունական, իր կարգին նշած է, որ ի պաշտօնէ առաջին անգամն է որ կ՛այցելէ Հայաստան եւ վստահ է, որ այցելութեան ծիրէն ներս ունեցած հանդիպումներն ու քննարկումները պիտի նպաստեն տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման: