
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ենթակառուցուածքային ծրագիրներուն զուգընթաց, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը նաեւ տարբեր ծաւալի կրթական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այդպիսի երկու ծրագիրներ իրականացած է Վանաձորի մէջ Հիմնադրամի Յունաստանի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ:
Արդարեւ, 131 սան ունեցող թիւ 30 մանկապարտէզին տրամադրուած է կահոյք, հանգիստի ու ժամանցի պարագաներ: Բարեկարգուած է խաղահրապարակը, ուր տեղադրուած են տաղաւար եւ մարզական անհրաժեշտ գոյքեր:
Երկրորդ ծրագիրը իրականացած է Վանաձորի մանկատան մէջ, ուր հիմնուած է համակարգչային դասասենեակ: Ներկայիս մանկատան մէջ կ՛ապրի տարբեր տարիքային խումբերու 102 երեխայ՝ մէկ մասը ծնողազուրկ, իսկ միւսները՝ տնտեսապէս անապահով ընտանիքներէ: Մանկատան սաներէն 60ը կը յաճախէ հանրակրթական դպրոց, 20ը՝ քոլեճ ու համալսարան:
Դժուարութիւններ տեսած այս պատանիներուն համակարգչային գիտելիքները պիտի օգնեն աւելի մրցունակ ըլլալու աշխատանքային շուկային մէջ: Համակարգչային դասասենեակը վերանորոգուած ու կահաւորուած է արդի պայմաններուն համապատասխան: Իսկ «Ինստիկէյ»չ ճարտարագիտական կեդրոնը պարտաւորութիւն ստանձնած է մանկատան սաներուն համար իրականացնել համակարգչային անվճար դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ վերապատրաստել համապատասխան մասնագէտ, որ հետագային պիտի դասաւանդէ երեխաներուն:
«Մենք կարեւոր կը համարենք ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրները, սակայն նախընտրեցինք, որ մեր առաջին ձեռնարկները ուղղուած ըլլան մանկական հաստատութիւններու մէջ կրթական արդի պայմաններու ստեղծման, որ նոր հեռանկարներ պիտի բանայ երիտասարդ սերունդին համար: Յունահայ համայնքը կը հաւատայ, որ գիտելիքներով զինուած՝ Վանաձորի մանկատան սաները պատրաստուածութեամբ չեն զիջիր իրենց հասակակիցներուն, իսկ մանկապարտէզի փոքրիկ հայորդիները իրենց առաջին քայլերը կ՛առնեն գեղեցիկ ու ապահով պայմաններու մէջ», ըսած է Հիմնադրամի Յունաստանի տեղական մարմինի ատենապետ Վաչէ Տէր Կարապետեան:
Համակարգչային սենեակի ստեղծումը Հիմնադրամի երկրորդ ծրագիրն է այս հաստատութեան մէջ. անցեալ տարի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի նախաձեռնութեամբ, վերանորոգուած են մանկատան տասը լուացարանները: