
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մայիս 4ին, ՀՀ վերաքննիչ դատարանին մէջ յետաձգուեցաւ բնապահպան աքթիւիսթ Մարիամ Սուխուդեանի հայցի քննութիւնը՝ ընդդէմ ոստիկանութեան, որովհետեւ նիստին չէին ներկայացած ե՛ւ ոստիկանութեան ներկայացուցիչը, ե՛ւ Սուխուդեանի փաստաբանը:
Բնապահպան աքթիւիսթ Մարիամ Սուխուդեան դեռ անցեալ տարի հայց ներկայացուցած էր ՀՀ ոստիկանութեան դէմ՝ պահանջելով մէկ միլիոն դրամ իբրեւ բարոյական վնասի փոխհատուցում, քանի որ ոստիկանութիւնը, ի դէմս ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանի եւ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Սայաթ Շիրինեանի, «խախտած էր Մարիամի անմեղութեան կանխավարկածը»:
Նշենք, որ Նուպարաշէնի յատուկ դպրոցի ուսուցիչին կողմէ աշակերտներու նկատմամբ անբարոյ գործողութիւններ կատարելու մասին Մարիամ Սուխուդեանի ահազանգով բարձրացած աղմուկին ժամանակ, երբ քրէական գործ յարուցուած էր աքթիւիսթին նկատմամբ՝ «Սուտ մատնութիւն» յօդուածով, ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Սուխուդեան «անհիմն մեղադրանքով է հանդէս եկել, զրպարտել անմեղ մարդկանց եւ անչափահասներին դրդել պատժելի արարքների»:
Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Սայաթ Շիրինեան, իր կարգին, «Տարեգիր» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ Սուխուդեանը անուանած էր «յանցագործ»: Հետագային, սակայն, ապացուցուած էր Սուխուդեանի անմեղութիւնը. անոր նկատմամբ քրէական գործը կրճատուած էր, իսկ յատուկ դպրոցի մանկապիղծ ուսուցիչը դատապարտուած էր երեք տարուան բանտարկութեան:
Նշենք նաեւ, որ Սուխուդեանի հայցը՝ ընդդէմ ՀՀ ոստիկանութեան, արդէն քանի մը դատական ատեան անցած է: Այս տարեսկիզբին դատարանը կրճատեց Սուխուդեանի հայցը, Հայաստանի մէջ բարոյական վնասի փոխհատուցման չափանիշի բացակայութեան պատճառով: Այնուհետեւ աքթիւիսթը դիմում ներկայացուց Վերաքննիչ դատարան՝ բողոքելով Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումին դէմ:
«Այստեղ ուղղակի ցուցադրութիւն է. մերժելու են։ Մեր նպատակն է անցնել բոլոր ատեանները Հայաստանում եւ դիմել Եւրոդատարան», զրոյցի մը ընթացքին պարզաբանեց Սուխուդեան: