
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մայիս 4ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, ՀԱԿի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, թէ Մայիս 31ին ազատ արձակուած պիտի ըլլան բանտարկուած բոլոր ընդդիմադիրները, եւ ընդդիմութիւնը պիտի անցնի նախ նախագահի, ապա խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններու իրականացման նպատակի իրականացման:
Իսկ եթէ մինչեւ Մայիսի վերջ ազատ չարձակուին բանտարկուած բոլոր ընդդիմադիրները, ապա ընդդիմութեան հանրահաւաքներուն մասնակիցները այլեւս զերծ պիտի չմնան Ազատութեան հրապարակին վրայ նստացոյց ընելէ:
«Կարծում եմ, որ, այնուամենայնիւ, նստացոյց չի լինի, որովհետեւ վստահ եմ, որ քաղաքական գործընթացները այնպէս են գնում, որ այդ օրը՝ 31ին, Նիկոլ Փաշինեանն էլ, Սասուն Միքայէլեանն էլ ելոյթ կ՛ունենան: Բայց եթէ ոչ, ինձ որեւէ այլ ելք չի մնալու, քան միանալու նստացոյցին», ըսաւ Զուրաբեանը:
Կոնգրեսի համակարգողը պնդեց, որ իրենց հիմնական նպատակը արտահերթ ընտրութիւններն են, ըստ անոր 2008ի նախագահական ընտրութիւններու կեղծումէն եւ մարտմէկեան սպանդի իրականացումէն ետք ստեղծուած Հայ Ազգային Կոնգրես համաժողովրդական շարժման հիմնական նպատակն է՝ երկրին մէջ արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցով աւազակապետութեան քանդումին եւ օրինական ընտրութիւններու միջոցով ժողովուրդին առջեւ հաշուետու իշխանութեան ստեղծումը:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ իշխանութիւնները կը բացառեն արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը, Զուրաբեան ըսաւ. «Բա ի՞նչ պիտի անեն… Կողմերը միշտ էլ այդպէս են վարւում. բանակցութիւններից առաջ իրենց կոշտ դիրքորոշումները արձանագրում են… Դա ոչինչ չի նշանակում, դրան հանգիստ վերաբերուէք»:
Լեւոն Զուրաբեան համոզմունք յայտնեց, որ ՀԱԿը պիտի հասնի իշխանափոխութեան. «Մեր ջանքերի պակաս չի լինելու: Մենք կոչ ենք անում ամբողջ հասարակութեանը եւ ժողովրդին՝ գիտակցելու, որ համաժողովրդական շարժման յաջողութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու միակ հնարաւորութիւնը անվերապահ նուիրուածութիւնն է երկրում ժողովրդավարութեան հաստատման պայքարին եւ հարիւր հազարաւոր մարդկանց ներգրաւուածութիւնը այս խոստումնալից քաղաքական գործընթացների մէջ», ըսաւ ան: