
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- «Հրապարակ» թերթը իր «Նոր քաղաքական միաւորումներ» վերնագիրով հրապարակումին մէջ կը յայտնէ, թէ քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ սկսած է քննարկուելու միախառն կառավարութիւններ, դաշինքներ ստեղծելու հարցը, քանի որ այդ շրջանակները կը գիտակցին, թէ խորհրդարանի ապագայ քարտէսը գծուած է, եւ շատ կուսակցութիւններ ԱԺի մէջ յայտնուելու առիթը գրեթէ չունին:
Իշխանական նախագիծին ընդդիմանալու միակ ձեւը խոշոր միաւորներ ստեղծելն է եւ հնարաւոր չափով շատ ձայներ ունենալը: Նման ծրագիր կը մշակէ նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը: Թերթին տեղեկութիւններով, սոյն գաղափարի հեղինակը կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Յակոբեանն է: Թերթին աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ ծրագրուող համագործակցութեան հիմքը ոչ թէ կուսակցութիւններու միաւորում ստեղծելն է, այլ՝ հանրութեան յայտնի անհատները անդամագրելը: Յատկապէս շեշտը կը դրուի Կոնգրեսէն եւ Տէր Պետրոսեանէն հիասթափուած անձերու վրայ, որոնք առայժմ ոչ մէկ կուսակցութեան անդամ են եւ քաղաքականապէս գործօն անձեր չեն, սակայն գործունէութեան դաշտ կը փնտռեն, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք տակաւին չեն հեռացած տարբեր կուսակցութիւններէ, բայց հնարաւոր է որ հեռանան: Խօսքը մասնաւորապէս Արարատ Զուրաբեանի, Խաչատուր Քոքոբելեանի, Մարինէ Պետրոսեանի, Կարապետ Ռուբինեանի, Ալիկ Արզումանեանի եւ շատ այլ անձերու մասին է:
Ըստ նոյն թերթին, Ռ. Յակոբեանի քաղաքական ծրագիրին բաղկացուցիչ մասերէն մէկը այն է, որ նոր ձեւաւորուող ընդդիմութիւնը պէտք է միաւորուի խորհրդարանական հանրապետութեան գաղափարին շուրջ: Եթէ համագործակցութեան նման լայն տարբերակ ձեւաւորուի եւ զգացուի այս ուժին զօրութիւնը, ապա հնարաւոր է, որ անոր միանայ նաեւ կայացած կուսակցութիւնը: