
ԱՆԳԱՐԱ.- Յուշարձաններու պահպանութեան համաշխարհային հիմնադրամի (World Monuments Fund) եւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է՝ Անիի աւերակներու վերականգնման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքներ իրականացնելու առնչութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Ճիհան» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով World Monuments Fund-ի (WMF) կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւն մը:
Կործանման եզրին գտնուող պատմամշակութային արժէքներու պահպանումով զբաղող WMF-ի սոյն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Անիի աւերակներու վերականգնման եւ պահպանման նախագիծը պիտի իրականացուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Նախագիծի առաջին փուլին մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկուին Անիի Մայր տաճարն ու Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին, որմէ ետք պիտի քննարկուին բոլոր հնարաւոր եղանակները՝ այդ պատմամշակութային արժէքներու վերականգնման եւ պահպանման համար:
Կը նախատեսուի ծրագիրը աւարտել յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին: Ծախսերը պիտի հոգան WMF-ն ու Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը:
Նշենք, որ վերի լուրին անդրադառնալով, «The Denver Post» իր կողմէ հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք վերականգնողական աշխատանքներէն ետք թրքական իշխանութիւնները պիտի թոյլատրեն Անիի տաճարին մէջ աղօթք կատարել:
«The Denver Post»ը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը տասնամեակներ շարունակ փակուած է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցի շուրջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ հակադրութեանց: