
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ֆրանսական «Լ՛Էքսփրէս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ֆրանսա կրնայ այս տարի ճանչնալ պաղեստինեան պետութեան անկախութիւնը, եթէ մինչեւ Սեպտեմբեր Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները «անհրաժեշտ ձեւով չընթանան»։ Սարքոզի աւելցուցած է, թէ բանակցութիւնները Սեպտեմբերին պէտք է արդէն արդիւնք տուած ըլլան, որովհետեւ կը սպասուի, որ պաղեստինցիները այդ ամիս դիմեն ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին՝ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Ափի եւ Կազայի հատուածներուն մէջ իրենց պետականութեան ձեւաւորումը ճանչնալու խնդրանքով։ «Մենք կը պատրաստուինք եւրոպացիներու եւ ամերիկացիներու հետ քայլեր իրականացնելու, խաղաղ գործընթացը վերսկսելու ուղղութեամբ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ատիկա ցանկալի է, որովհետեւ ՄԱԿի Սեպտեմբերի նիստը «ծանր պիտի ըլլայ»։