ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, Մայիս 16ին Հայաստան պիտի այցելէ Հիւլէակայանի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) հովանիին տակ գործող OSART յանձնախումբը։
Ըստ հաղորդագրութեան, OSART յանձնախումբին մէջ ընդգրկուած են հիւլէակայանի ոլորտի մասնագէտներ՝ ինը երկիրներէ: Յանձնախումբի այցելութեան նպատակն է՝ ուսումնասիրել ՀԱԷԿի (Հայաստանի Հիւլէակայանի) շահագործման անվտանգութեան վիճակը:
Միջուկային անվտանգութեան կարգաւորման պետական կոմիտէի ղեկավար Աշոտ Մարտիրոսեան, նախապէս յայտարարած էր, թէ ՄԱԳԱՏԷի առաքելութեան այցը Մայիսին, տակաւին նախորդ տարուընէ համաձայնեցուած նախաձեռնութիւն է: Նախարարութենէն կ՛ընդգծեն, թէ Հայաստանի հիւլէակայանի շահագործման անվտանգութեան խնդիրը մշտապէս ուշադրութեան կեդրոնի վրայ է:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ հիւլէակայանի շահագործման անվտանգութիւնը ունի բարձր մակարդակ, որուն մասին նաեւ կը վկայեն անվտանգութեան մասով միջազգային այլ յանձնախումբերու՝ պարբերաբար իրականացուցած ուսումնասիրութեանց արդիւնքները:
Ըստ հաղորդագրութեան, շահագործման անվտանգութեան հետ կապուած որեւէ մտավախութիւն չկայ:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ տարածաշրջանի միակ հիւլէակայանը՝ Երեւանէն մօտաւորապէս 30 քլմ. դէպի հարաւ: Անիկա շահագործման յանձնուած է 1976ին։ Անոր շահագործումը կանգ առած է 1989 Մարտին, Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, եւ վերսկսած գործելու 1995ի Նոյեմբերին:
Ներկայիս կը գործէ հիւլէակայանի երկրորդ բաժինը՝ 407.5 մեկաուաթ հզօրութեամբ, որ կ՛ապահովէ երկրի ելեկտրականութեան ընդհանուր արտադրութեան 40-45 տոկոսը:
Հայկական հիւլէակայանը, մասնագէտներուն տուեալներով, կրնայ գործել մինչեւ 2016 թուական: