
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկրամաս».- Ղր-ղզստանցի համշէնահայերը մտադիր են բնակութիւն հաստատել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին ըսած է Ղրղզստանի համշէնահայ համայնքի ղեկավար Ռուսլան Կարապաճաքով:
Համշէնահայերը ԼՂՀ տեղափոխելու ծրագիրի մշակման նպատակով, ան ժամանած է Հայաստան: Կարապաճաքով Հայաստանէն պիտի մեկնի Արցախ, որպէսզի համշէնահայ 200 ընտանիքներու բնակութեան համար յարմար վայր ընտրէ:
«Մեր տեղը այստեղ՝ Հայաստանի մէջ է: Մեր ճակատագիրը այնպէս դասաւորուած է, որ աւելի քան 250 տարի տեղափոխուած ըլլանք տեղէ տեղ՝ Աճարիա, Միջին Ասիա: Այժմ, վերջապէս որոշած ենք ապաստան գտնել մեր հարազատ հողին վրայ», ըսած է ան:
Քրիստոնեայ համշէնահայերը Քրասնոտարի շրջանէն եւ Աբխազիայէն, իսկ մահմետական համշէնահերը՝ Միջին Ասիայէն, դէպի Լոռիի գիւղերէն մէկը տեղափոխելու փորձ մը եղած էր նաեւ 1984ին: Այդ փորձին նախաձեռնողը եղած էր Երեւանի մէջ գործող «Համշէն» հայրենակցական միութեան փոխնախագահ, պատմաբան եւ լրագրող Սերգէյ Վարդանեանը: Սակայն Սպիտակի երկրաշարժէն ետք հնարաւոր չէր եղած գաղափարը իրականացնել։
Կը նախատեսուի, որ համշէնահայերու 200 ընտանիքները տեղաւորուին Ղարաբաղի Մարտակերտ շրջանին մէջ:
Ծրագիրը նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանայ այնքան ժամանակ, մինչեւ որ համշէնահայերը ոտքի կանգնին: Սոյն նախագիծով հետաքրքրուած են նաեւ Մոսկուայի «Համշէն» հայրենակցական միութեան անդամները, որոնք հնարաւորութեան սահմաններու մէջ պիտի օգնեն տեղափոխուողներուն: