
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան չի բացառեր, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան քաղաքական աշխուժութիւն ցուցաբերէ 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն: Սակայն ան կը կարծէ, որ այն դրդապատճառը, որ պիտի աշխուժացնէ Քոչարեանը, պէտք է շատ լուրջ ըլլայ:
«Չեմ կարծում, որ Ռոբերտ Քոչարեանը ուզում է վերադառնալ եւ իրեն թոյլ չեն տալիս: Այդ տեսակը չէ, որ թոյլտուութեան սպասի: Գուցէ նպատակայարմարութեան խնդիր ինքն իր վրայ դնում է, որ՝ նպատակայարմա՞ր է այսօր իր վերադարձը, ո՞ւմ օգտակար կը լինի, ո՞ւմ կը վնասի եւ յաջողութեան հասնելու ինչքա՞ն հնարաւորութիւն ունի: Գուցէ այս հաշուարկումները իր մօտ կան, բայց որ մէկից վախենայ, կամ որ մէկից թոյլտուութիւն սպասի՝ կարծում եմ չկայ», ըսաւ Մարգարեան, ենթադրելով, որ Քոչարեանը հաւանաբար քաղաքականութեան աշխարհ վերադառնայ միայն 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:
Պատասխաներով այն հարցումին, թէ արդեօք Քոչարեան հնարաւորութիւն պիտի ունենա՞յ կրկին նախագահի պաշտօնին յաւակնելու՝ Մարգարեան նշեց. «Ինձ թւում է, որ Հայաստանում շանսերը չեն, որ դերակատար են, առայժմ դա այդպէս չէ»:
Մարգարեանի խօսքով, նախագահ Սերժ Սարգսեանը ճանչնալով՝ կը բացառուի, որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք՝ իշխանութիւնները զոհ դարձնեն Ռոբերտ Քոչարեանը, սակայն հաւանական է, որ տկարացնեն անոր դիրքերը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին համոզումով, ամենավատը այն է, որ 2008 Մարտ 1ի իրադարձութիւնները ոչ թէ քննութեան նիւթ կը դառնան, այլ կ՛օգտագործուին իբրեւ պատրուակ, միջոց՝ Ռոբերտ Քոչարեանի նկատմամբ վրէժ լուծելու կամ զայն վարկաբեկելու համար:
«Չի կարելի ասել, որ Մարտի 1ի մէջ միայն իշխանութիւնն է մեղաւոր, իսկ այս երկրում միայն դրա մասին է խօսւում: Ոչ ոք խօսում, թէ ընդդիմութիւնը իր պահուածքով ինչ մեղաւորութիւն ունի, որ ընդդիմութեան այդ օրուայ ղեկավարութիւնը դա կանխելու կամ հրահրելու հարցում ինչ արեց: Սա մի փոքր անարդար մօտեցում է, որը ցոյց է տալիս, որ Մարտի 1ի դէպքերը չէ, որ կարեւոր են, այլ Մարտի 1ը քաղաքականացւում է եւ քաղաքական հաշուեյարդար տեսնելու առումով է օգտագործւում»:
Անդրադառնալով բուն երկխօսութեան՝ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, թէ ինք չի գիտեր՝ ուղղակի երկխօսութիւն կա՞յ, թէ ոչ. ըստ իրեն, շատ հաւանաբար, կողմերը «շախմատ (ճատրակ) կը խաղան»։ Ան կը կարծէ, որ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ կայ միջնորդ մը, որ շահ ունի: Մարգարեան հաւանական կը համարէ, որ այդ միջնորդը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունն է, որ՝ «կրնայ բոլորը միացնել»:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, նշեալ հարցին ի պատասխան, հերքած էր մամուլին մէջ յայտնուած այն տեղեկատուութիւնը, թէ ՀԱԿի եւ իշխանութեան միջեւ երկխօսութիւնը կ՛ընթանայ Հայաստանի մէջ ԱՄՆի դեսպան Մերի Եովանովիչի միջնորդութեամբ:
«Հաւատում եմ, որ Ղարաբաղի եւ Քոչարեանի հարցը չի կարող լինի. մտավախութիւն ունեմ, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւններն են խնդրոյ առարկան: Եթէ արտաքին քաղաքականութեան առումով Ամերիկան ինչ որ բաւարարուածութեան զգացում է ապրում Հայաստանի իշխանութիւնների քաղաքականութիւնից, եւ կարծում է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը իշխանութեան կողքին աւելի շատ կը մղի այդ իշխանութեանը դէպի իրենց համար ընդունելի ուղղութեան, բնականաբար, (ԱՄՆ) շահագրգռուածութիւն կ՛ունենայ: Հայաստանի կողմից ստորագրուած պայմանագիրը աւելի շատ Լեւոնի (Տէր Պետրոսեանի) կողմից է ընդունելի, քան ստորագրող կողմի», յայտնեց Մարգարեան:
Հրանդ Մարգարեան չի հաւատար, որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութեան թեման կրնայ արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը ըլլալ, քանի որ երկու կողմն ալ կ՛ուզէ «իշխանութեան բացարձակ տէրը դառնալ, եւ ոչ թէ կիսել այն»: Մարգարեանի համոզումով, երկխօսութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ ունի:
«Չեմ չարախօսում, բայց հաւատում եմ, որ նրանք իսկապէս շախմատ են խաղում, այս երկրի եւ ժողովրդի հետ գործ չունեն: Շախմատի հետեւանքը լինում է կա՛մ պարտութիւնը, կա՛մ յաղթանակը», ըսաւ Մարգարեան եւ աւելցուց, թէ ինք հաւանական չի համարեր «ոչ-ոքի» աւարտը: