
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ համայնքային առողջապահական միջոցառում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 14ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2. ընթացքին, փափաքողները պիտի կարենան առողջապահական բազմատեսակ քննութիւններու ենթարկուիլ՝ ձրիաբար: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 500 S. Central Ave., Glendale, CA 912041: