
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի կեդրոնական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Նանօր Գրիգորեանի անուան այս տարուան կրթանպաստները պիտի տրամադրուին հետեւեալներուն. Դրօ Փանոսեան, Քրիսթինա Մեհրապոտ, Դանիէլ Մարգարեան, Հուրի Մինոյեան, Վերժինի Թուլումանեան եւ Քայլ Տինքճեան:
Իր իններորդ տարին թեւակոխած Նանօր Գրիգորեանի անուան կրթանպաստներու ծրագիրը մեծ թիւով հայ ուսանողներու օժանդակութեան ձեռք երկարած է: 250, 500 եւ 1000 տոլարի կրթանպասներ կը տրամադրուին՝ նկատի ունենալով ուսման ճամբով հայութեան օժանդակելու թեմայով գրուած դիմողներու շարադրութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց նիշերը, համայնքային գործունէութիւնը եւ նիւթական կարիքը: