ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի որեւէ յարաբերութիւն Թուրքիայի հետ չի կարող կասկածի տակ դնել հայ ժողովրդի ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման իրողութիւնը: Այն պէտք է ճանաչուի եւ դատապարտուի ողջ առաջադէմ մարդկութեան կողմից:
Հ.Հ. ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հաշտեցումը կարող է սկսուել այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ճանաչի Ցեղասպանութիւնը: Առանց ճանաչման՝ չի կարող լինել հաշտեցում: Սխալւում են նրանք, ովքեր փորձում են Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման փորձը ներկայացնել որպէս հաշտեցման փորձ: Իրական հաշտեցումը կարող է լինել միայն զղջումից յետոյ:
Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀ
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Հայ–Թրքական կնճիռը յայտնապէս կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ։
Առնուազն հայկական կողմին մօտ նկատելի է սեփական դիրքորոշումներու նորովի սահմանման հետեւողական ճիգ մը։
Երեք տարի առաջ դարձեալ այս օրերուն ու Մոսկուայէն իր «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» ճամբայ հանած Հայաստանի նախագահը, այս անգամ ռուսական «Մոսկովսկիէ Նովոստի» թերթի էջերէն լոյս ընծայուած ծաւալուն ու ծրագրային հարցազրոյցով մը, քանի մը օր առաջ հրապարակ նետեց իր քաղաքական ուղեգիծը առաջնորդող գլխաւոր սկզբունքները։
Միայն Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութեանց կամ, ընդհանուր առումով, Հայեւթուրք Կնճռին չի վերաբերիր նախագահ Սերժ Սարգսեանի կատարած սկզբունքային դիրքորոշումներու վերասահմանումը։
Կարեւոր բաժին մը կը գրաւեն Ռուսաստանի նկատմամբ ու հայեւռուս յարաբերութեանց վերաբերեալ Հայաստանի թիւ 1 իշխանաւորին արտայայտած սկզբունքային կեցուածքները, որոնք վիճարկելի շատ բան ունին հայ քաղաքական մտքին համար։ Յատկապէս՝ խորհրդային ամբողջատիրութեան կողմէ Հայաստանի գերեվարման 70ամեայ շրջանի մասին Սերժ Սարգսեանի շնորհած դրական արժեւորումներու դիտանկիւնէն։
Բայց որքան ալ մեծ ըլլայ փորձութիւնը անմիջապէս քննարկման լուսարձակի տակ բերելու Հայաստանի մէջ այսօր իշխող գաղափարախօսութեան «խորհրդահայ» այդ երեսը, կարելի է այլ առիթի յետաձգել զայն, որովհետեւ շատ աւելի այժմէական նշանակութիւն ունի ուղղակիօրէն Թուրքիոյ հետ կապուած Հայաստանի պահանջատիրական կեցուածքներու նորովի սահմանման բաժինը։
Մանաւանդ այն պատճառով, որ Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը Խորհրդային Ատրպէյճանին զիջելու ատենի ռուսական քաղաքականութիւնը եւ, այնուհետեւ, ամբողջ տասնամեակներ, Խորհրդային Հայաստանի շահերն ու իրաւունքները անտեսելու Կրեմլեան վարքագիծը հպանցիկ, բայց սուր քննադատութեան ենթարկուած են Հայաստանի այսօրուան նախագահին կողմէ։
Կարեւորագոյն նորութիւնը այն է, որ Սերժ Սարգսեան կ՛ուզէ եւ զգալի չափով կը յաջողի ճշգրտում մտցնել Հայեւթուրք Կնճռի շուրջ ծաւալած քննարկումներու եւ բանավէճերու բառապաշարին մէջ։ Եւ այս՝ ոչ միայն հայ քաղաքական մտքի, այլեւ տարածաշրջանային թէ միջազգային մակարդակով օգտագործուող բառապաշարի առումով։
Անմիջապէս պէտք է ընդգծել, անշուշտ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը դեռ պատրաստ չէ յետս կոչելու Հայաստանի ստորագրութիւնը տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւններէն։ Բայց նաեւ այլեւս չի խօսիր այդ արձանագրութեանց մասին, ինչ որ կրնայ հիմք ծառայել Արձանագրութեանց էջը փակուած համարելու… ենթադրութեանց։
Ենթադրութիւնները, սակայն, անիմաստ են այս պարագային, որովհետեւ Սերժ Սարգսեան արդէն բազմիցս յստակացուցած է, յատկապէս վերջին շրջանին, թէ ինք ձեռք քաշած չէ Թուրքիոյ բացուելու իր քաղաքական ուղեգիծէն՝ ընդգծելով եւ կրկնելով հանդերձ, որ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց «տարազ»ը սպառած պէտք է համարել…
Այս իմաստով է, ահա, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումներուն սկզբունքային վերասահմանումն ու յստակացումը յատուկ կարեւորութիւն կը ստանան։
Եւ այդ ծիրէն ներս ժամանակն է այլեւս շեշտելու, որ քաղաքական եւ դիւանագիտական բառապաշարի հիմնական վերանայումը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն դարձած է։
Անցնող երեք տարիներուն շատ բան իրարու խառնուեցաւ Հայեւթուրք Կնճռին շուրջ։ Եւ այդ խառնարանէն դուրս գալու ճիգը կը թափէ Հայաստանի նախագահը այսօր։ Եւ ոչ անտեղի կերպով, որովհետեւ նաեւ իր յաճախակի եւ հակասական ելոյթներուն հետեւանքով խճճուեցաւ այդ բառապաշարը։
Այսօր արդէն եկած է պարզութիւն, յստակութիւն եւ մանաւա՛նդ ճշգրտում մտցնելու պահը։
Երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցամաքային սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական բնականոն կապեր հաստատելու առաջադրանքին, ոչ ոք իրաւունք ունի խօսքը տարածելու հայեւթուրք յարաբերութեանց ընդհանուր պաստառին վրայ։ Անհեթեթ է, մանաւա՛նդ, իրարու խառնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կանոնաւորումն ու Հայեւթուրք պատմական Կնճռի հանգուցալուծումը։
Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ կիրարկած ցամաքային սահմանը փակելու եւ դիւանագիտական բնականոն կապերը խզելու քաղաքականութիւնը, անկասկած, շատ մը առումներով կը տեղաւորուի թրքական պետութեան անցեալի թէ ներկայի հակահայ ռազմավարութեան մէջ։ Բայց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բաց սահմանի, երկխօսութեան եւ մերձեցման քաղաքականութիւնը կարելի չէ նոյնացնել Հայեւթուրք Կնճիռին հիմնական եւ մնայուն լուծում գտնելու քաղաքականութեան հետ։
Ցամաքային սահմանի վերաբացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացման համար, Հայաստան ո՛չ մէկ նախապայման կը դնէ Թուրքիոյ առջեւ եւ նոյնը կը սպասէ Թուրքիայէն։ Բայց եթէ խօսքը կը վերաբերի Հայեւթուրք Կնճիռի հիմնական հանգուցալուծման, որպէսզի աշխարհագրութեամբ եւ պատմութեամբ կողք–կողքի ապրելու կոչուած հայ եւ թուրք ժողովուրդները ի վերջոյ կարենան անցեալի ողբերգական էջը փակել ու վաղուան իրենց սերունդներուն առջեւ հաշտ համակեցութեան հեռանկար բանալ, Հայաստան անպայման որ ունի նախապայման։ Ինչպէս որ Հայաստանի նախագահը վերջապէս յայտարարեց, «Հաշտեցումը կարող է սկսուել այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ճանաչի Ցեղասպանութիւնը: Առանց ճանաչման՝ չի կարող լինել հաշտեցում»:
Հայ քաղաքական միտքը անշուշտ չի բաւարարուիր նախագահ Սարգսեանի տարազումին մէջ տեղ գտած նախապայմանով։ Նոյնիսկ անոր հետեւած յաւելումը, թէ «իրական հաշտեցումը կարող է լինել միայն զղջումից յետոյ», ինքնին չ՛արտայայտեր քաղաքական հատուցում կատարելու նախապայմանը, որուն պէտք է ընդառաջէ թրքական պետութիւնը, եթէ իրապէս հետամուտ է հայեւթուրք հաշտեցման:
Խորքին մէջ սառցակոյտին միայն երեւցող ու պարզ աչքով տեսանելի բաժինն է ասիկա։ Հայեւթուրք յարաբերութեանց շուրջ ծաւալած քննարկումներու եւ բանավէճերու բառապաշարը խորքային շատ ու շատ շփոթներու եւ խեղաթիւրումներու տեղիք կու տայ, ինչ որ հետեւողական յստակացումի եւ ճշգրտումի հրամայականը կը շեշետէ։
Պատահական չէ, որ Հայաստանի նախագահը այսօր ստիպուած կը զգայ յստակացնելու, այդ ալ ռուսալեզու ընթերցող հասարակութեան, թէ «տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը չի նշանակում սահմանների անխախտելիութիւն»… Թէեւ Ատրպէյճանի նկրտումներուն իբրեւ պատասխան կատարուած է նախագահ Սարգսեանի ընդգծումը, բայց Պաքուի վարիչներէն առաջ Անգարա ինք լուրջ պատճառներ ունի մտածելու Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրները վերանայելու հրամայականին մասին։
Շարքը երկար է, բայց այսքանն իսկ բաւարար է շեշտելու համար, որ ժամանակը եկած է, եթէ ուշացած չենք արդէն, որպէսզի կամաւոր թէ ակամայ մոռացութեան դարաններէն դուրս բերուի Հայ Դատի պահանջատիրութեան այբուբենը։
Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամէն հիմք ունին, որպէսզի առանց նախապայմանի մօտենան Հայաստան– Թուրքիա սահմանի բացման ու դիւանագիտական յարաբերութեանց կարգաւորման հարցին։
Միաժամանակ, սակայն, Հայաստանն ու հայութիւնը ոչ միայն ամէն հիմք ունին, այլեւ ազգային–քաղաքական ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը ունին նախապայմանով մօտենալու թրքական պետութեան «հաշտարարական» գովազդներուն։
Առանց Հայասպանութեան ճանաչումին եւ քաղաքական արդար հատուցման, Հայեւթուրք Կնճռի հիմնական հանգուցալուծման կոչերը եւ հայեւթուրք հաշտեցման յորդորները սնամէջ հռետորութենէ անդին չեն անցնիր…