«ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը յանձնախումբ մը նշանակած էր ՄԱԿի ծիրէն ներս միութեան աշխատանքները հետապնդելու համար, սակայն յանձնախումբին կողմէ մշակուած ռազմավարութիւնը կարիքը ունի ՄԱԿէն ներս տեւական ներկայութեան: Այդ մէկը կարելի չէ իրագործել առանց անձնակազմի յատուկ անդամի եւ այս իրականութեան անդրադարձած էր նաեւ ՀՕՄի Համահայկական 69րդ պատգամաւորական ժողովը», յայտնեց ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոզի Պետորսեանը:
Կէօտելէքեան պիտի հետապնդէ ՄԱԿի ծիրէն ներս ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան կողմէ առաջնահերթութիւն համարուող նպատակները: 2011 տարուան համար այդ առաջնահերթութիւնները կնոջական եւ յատկապէս մայրական առողջապահութեան կը վերաբերին, ինչպէս նաեւ կնոջ ֆինանսական անկախութեան:
«Բախտաւոր ենք որ Հուրին միացաւ մեր անձնակազմին: Առեւտրական, հանրային յարաբերական ու քարոզչական մարզերէն ներս անոր փորձառութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ ՄԱԿէն ներս մեր նպատակներու հետապնդման, որոնց շարքին միջազգային համայնքին հետ գործակցութիւններու հաստատումը, որպէսզի կարողանանք հայրենիքի թէ սփիւռքեան համայնքներու ընկերային եւ տնտեսական կարիքները բաւարարող ազդու ծրագիրներ իրագործել», յայտնեց ՀՕՄի ՄԱԿի յանձնախումբի ատենապետ Սթեֆանի Քիլեանը:
«Ինծի համար հպարտութիւն է մաս կազմել աւելի քան դար մը եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին հայութեան ծառայած կազմակերպութեան մը անձնակազմին ու աշխատիլ ՄԱԿի ծիրէն ներս անոր մարդասիրական նպատակներուն ծառայելու: Այս առիթով իմ երախտագիտութիւնը կը փափաքիմ յայտնել բոլոր այն կանանց, ներառեալ իմ մեծ մօր ու մօր, որոնք հայ կնոջական միջազգային հնագոյն այս կազմակերպութեան ծառայելով, ճամբայ հարթեցին իմ դիմաց ծառայելու ՀՕՄին», յայտնեց Հուրի Կէօտելօքեանը:
ՀՕՄի ՄԱԿի գրասենեակին հետ կարելի է կապ պահել հեռաձայնելով (917) 965-5592 թիւին կամ գրելով unngo@ars1910.org ելեկտրոնային հասցէին:
ՀՕՄը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տուրքէ զերծ բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որ 1989էն ի վեր մաս կը կազմէ ՄԱԿի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն: 1910ին հիմնուած ՀՕՄը այսօր կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, մարդասիրական ծառայութիւն տրամադրելով հայ թէ ոչ-հայ հասարակութեան: