ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի աշակերտները, երգերով եւ պարերով լեցուն հաճելի ձեռնարկ մը պատրաստած էին իրենց մայերուն, Մայրերու օրուան առիթով:
Վարժարանի ուսուցիչներուն եւ Ծնողաուսուցչական մարմինի միացեալ ջանքերով իրականացած այս նախաճաշի ձեռնարկին ընթացքին նաեւ շարք մը բոյսերու սերմեր ցանուեցան:
Ապրիլ 16ին, Ծնողաուսուցչական մարմինը Ալթատինայի »Քաունթրի քլապ«ին մէջ իրականացուց Զատկուան առիթով դրամահաւաքի հաճելի ձեռնարկ մը, որուն բացման աղօթքը կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Խորէն քհնյ. Պապոշեան: Ան յիշեցուց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս այս տարին հռչակած է Հայ Մանուկի տարի, եւ շեշտեց հայկական դպրոցներու կարեւոր դերը:
Ապա տնօրէնուհի Հելեն Մանուչարեան ողջունեց ներկաները, որմէ ետք հրամցուեցաւ ճաշը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակին, իսկ իբրեւ Զատկուան նապաստակ ծպտուած Գօգօ Պզտիկեանը ուրախացուց աշակերտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.