
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը Երեքշաբթի, Մայիս 10ին, իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Եփրեմ ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն ներս, Պըրպենք։ Առաւօտեան ժամը 11ին, առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Եուճին արք. Քափլան (Ասորի ուղղափառ եկեղեցի) եւ Սրապիոն եպիսկոպոս (Ղպտի ուղղափառ), իրենց ընկերակցող եկեղեցական հայրերու մասնակցութեամբ եկեղեցական կարճ արարողութիւն կատարելէ ետք, անցան տարեկան ծրագիրի մշակման աշխատանքներուն։
Առաջնորդին կ՛ընկերանային քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, եւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։
Ժողովը քննեց յառաջիկայ միատեղ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու կարելիութիւնները, ապա լսելէ ետք Ուղղափառ եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ երիտասարդաց յանձնաժողովներու զեկոյցները, որոշեց.
ա. Նոյեմբեր 2011ին, Ուղղափառ եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու 8-13 տարեկան աշակերտներու մասնակցութեամբ եւ երգեցողութեամբ Ս. պատարագ եւ աշակերտական միօրեայ դաստիարակչական հաւաք կատարել.
բ. Ուղղափառ եկեղեցիներու միջերիտասարդաց յանձնախումբը, նախորդ տարիներու նման, յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին դաստիարակչական ծրագիրով միօրեայ օգտաշատ հաւաք պիտի կազմակերպէ։
Առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակը եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինը, հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ առաջնորդին, արդէն իսկ ծրագրումի նախնական աշխատանքներու ձեռնարկած են՝ լաւագոյնս մասնակցելու համար սոյն հաւաքներուն։
Հաւաքական ճաշով, յիշատակի հաւաքական նկարով եւ աղօթքով փակուեցաւ ժողովը։