
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Այսօր».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով, նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ Մայիս 19ին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած երկրին մէջ կենսաուժանիւթի արտադրութեան հետ կապուած հարցերու:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է այլընտրանքային ուժանիւթի զարգացումը՝ ինչպէս առկայ միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման, թափօններու իւրացման, այնպէս ալ շրջակայ միջավայրի պահպանման տեսանկիւնէն:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ երկրին իշխանութիւնները շահագրգռուած են Արցախի մէջ կենսաուժանիւթի զարգացումով, եւ այս գործին մէջ կարեւոր համարած է միջազգային փորձի կիրառումը: Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ փոխանցած է կառավարութեան կենսաուժանիւթի զարգացման հայեցակարգ մշակելու ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: