
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուեալներով, քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան Մայիս 19ին հանդիպած է «Ֆէյսպուք» հասարակական ցանցի իր անձնական էջի առաւել աշխոյժ օգտագործողներուն հետ: Կարէն Կարապետեան նշած է, որ ինք կը հետեւի էջին մէջ բարձրացուած հարցերուն, որոնք կը պարունակեն ե՛ւ քննադատութիւն ե՛ւ կառուցողական առաջարկներ:
Ներկայացնելով քաղաքապետարանի ծրագիրներով ընթացող ներկայ աշխատանքները՝ Կարէն Կարապետեան նշած է, որ քաղաքային տնտեսութեան մէջ բոլոր խնդիրները առաջնային են եւ բոլորն ալ համալիր լուծում կը պահանջեն՝ փոխադրամիջոցներ, ճանապարհներ, մանկապարտէզներ, աղբահանութիւն, բարեկարգում եւ այլն:
Հարց ու պատասխանի ձեւաչափով ընթացող հանդիպման ընթացքին, անդրադառնալով կանաչ գօտիներուն վրայ ծաւալող շինարարութեան՝ քաղաքապետը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, թէ կանաչ տարածքներու հաշւոյն շինարարութեան արտօնութիւն պիտի չըլլայ:
Ներկայացնելով քաղաքապետարան-վարչական շրջաններ-համատիրութիւններ եռաստիճան կառավարման համակարգը՝ Երեւանի քաղաքապետը նշած է, որ համատիրութիւններու կայացումը անհրաժեշտութիւն է, քանի որ իբրեւ կառավարման անմիջական օղակ, բնակիչներու շատ խնդիրներ պէտք է լուծուին ուղղակի այդ կառոյցներուն միջոցով:
«Եթէ մայրաքաղաքի 4700 բազմաբնակարան շէնքերի իւրաքանչիւր բնակիչ հետաքրքրուի համատիրութիւնների պարտականութիւններով եւ աշխատանքով, ապա այդ համակարգը աստիճանաբար կը կայանայ», նշած է քաղաքապետը:
Հասարակական ցանցի օգտատէրերը պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու համատիրութիւններու դերակատարութեան ու նշանակութեան մասին առաւել ընդգրկուն տեղեկատուութեան տարածման գործին: