
ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Մայիս 6-13ի միջեւ, Երեւանի մէջ կայացած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) կեդրոնական վարչութեան հերթական ընդլայնուած խորհրդակցական ժողովը, որուն մասնակցած են կուսակցութեան տարբեր երկիրներու մէջ գործող կառոյցներու ղեկավարներ:
Քանի մը օր տեւած ժողովները ղեկավարած է կուսակցութեան ատենապետ Մայք Խարապեանը:
ՀՌԱԿ լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ այս օրերուն Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ղեկավար մարմինի ներկայացուցիչներ Մայք Խարապեան, Յարութիւն Առաքելեան եւ Կարէն Կակոյեան, հանդիպած են Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Կարապետեանի, Նոր Ժամանակներ կուսակցութեան նախագահ Արամ Կարապետեանի, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ փոխնախագահ Ռուբէն Յակոբեանի եւ ԱԺ պատգամաւոր Անահիտ Բախշեանի հետ:
Ըստ հաղորդագրութեան, հանդիպումները տեղի ունեցած են «Արարատ» հիւրանոցի ձմեռնային այգիին մէջ, բաց պայմաններով, հակառակ հայաստանեան մամուլին մէջ տարածուած այն լրատուութեան, թէ «Արարատ» հիւրանոցին մէջ իրականացած են միջ-կուսակցական գաղտնի հանդիպումներ։