ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մամուլի հրապարակումներէն արդէն տեղեակ էք, որ Ուաշինկթընի մէջ հայկական օրակարգը հետապնդողներու համահաւաք-խորհրդաժողով մը ծրագրուած է Յունիսի վերջին շաբաթավերջին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յաջորդական հաղորդագրութիւնները կը խոստանան հետաքրքրականն ու օգտակարը միացնել, ու անմոռանալի փորձառութիւն մը ձեռք ձգելու առիթ ընծայել մասնակցողներուն:
Դասախօսութիւններ, զեկոյցներ, քննարկումներ, աշխատանքային ու վարժողական նիստեր, ճաշկերոյթներ, այցելութիւններ, մէկ խօսքով՝ ճոխ ծրագիր մը, որուն մասնակցողները պիտի դառնան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական հարցերու արծարծման ու հետապնդման յառաջապահները:
«Հայ Դատ 2.0» խորագրուած այս խորհրդաժողովը կազմակերպողները, ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի ամերիկեան քաղաքական կեանքին մասնակցելու, այդ ճամբով հայութիւնը շահագրգռող խնդիրներու հետապնդման գործին ներդրում ունենալու փափաք ունեցողներուն անպայմանօրէն մասնակցութեան հնարաւորութիւն ստեղծուի: Այս մտահոգութեամբ, կազմակերպողները կը դիմեն համայնքի աջակցութեան: Անոնք, որոնք կը փափաքին աջակցիլ Ուաշինկթընի այս հաւաքին երիտասարդներու մասնակցութիւնը կարելի դարձնելու ճիգերուն, կրնան իրենց նուիրատուութիւնը կատարել Հայ Դատի յանձնախումբին:
Միութիւններ կամ անհատներ կրնան մասամբ կամ ամբողջովին ստանձնել մէկ կամ աւելի անձերու՝ խորհրդաժողովին մասնակցելու ծախսերը, որոնք կրնան հասնիլ 8-9 հարիւր տոլարի:
Մանաս Պուճիկեան անոնցմէ մէկն է, որ անձնական զբաղուածութեան պատճառով պիտի չկրնայ մասնակցիլ այս խորհրդաժողովին, սակայն, «իր փոխարէն»՝ մէկ այլ թեկնածուի ծախսերը ստանձնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է մեզի: Իր ինքնաբուխ քայլն է, որ մեզ կը յուշէ այսպէս հրապարակային կերպով դիմել ձեր աջակցութեան: Մասնակցեցէք ըստ ձեր հնարաւորութեան: Հայ Դատի գրասենեակի հեռաձայնի թիւն է՝ 818-500-1918: