
ԵՐԵՒԱՆ.- Հիմք ընդունելով Հայաստանի հանրապետութեան Սահմանադրութեան 81րդ յօդուածի առաջին մասի ա. կէտը եւ Ազգային ժողովի կանոնակարգի 90րդ յօդուածը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ դիմեց Ազգային ժողովին՝ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 20րդ տարեդարձին առթիւ համաներում շնորհելու համար բանտարկեալներուն:
Հանրապետութեան նախագահի համաներման մասին առաջարկը Ազգային ժողովի յառաջիկայ քառօրեայի օրակարգին մաս պիտի կազմէ:
Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը Ուրբաթ օր քննեց ու որոշեց յանձնարարել Ազգային ժողովին, որ ընդունի նախագահին առաջարկը:
Յանձնաժողովի նիստէն անմիջապէս ետք, Դաւիթ Յարութիւնեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ իր գլխաւորած յանձնաժողովը առաջարկութիւններու փաթեթ ներկայացուցած է արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանին: Թէ յատկապէս ի՞նչ ձեւաչափով տեղի պիտի ունենայ համաներումը՝ տակաւին յայտնի չէ: