Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Լաւ լսեցէք բերանի
մաքրութեան նպաստող
հետեւեալ խորհուրդները.

Առաջին հերթին ու ամէնէն կարեւոր միջոցն է բերանի մաքրութեան հետեւիլ եւ ճիշդ ժամանակին դարմանումներ կատարել։ Օրինակ, եթէ ծակած ակռայ մը ունիք, երբեք մի ձգձգէք անոր դարմանումը, որովհետեւ այդ ձեւով կրնաք աւելի վատ գարշահոտ ունենալ։ Օրական երկու անգամ վրձինեցէք ձեր ակռաները եւ անշուշտ մէկ անգամ գոնէ թելով մաքրեցէք «flossing»։ Նաեւ ձեր լեզուն ու լինտերը մաքուր պահեցէք ու տարեկան երկու անգամ ատամնաբոյժի այցելեցէք՝ քննութեան, մաքրութեան եւ տեղին ու ժամանակին դարմանումներ կատարելու համար։
* Օրական մաքրեցէք ձեր լեզուն ու թել օգտագործեցէք.
Լեզուին վրայի ոչ ողորկ մակերեսը հիմնական պատճառներէն մէկը կը համարուի մանրէներ հաւաքելու։ Այս իսկ պատճառով, զանազան հոտեր կրնան հաւաքուիլ բերանին մէջ ու երբեմն գարշահոտի կը վերածուին անոնք։ Այս իրողութիւնը առկայ է, սակայն շատեր իրենց ակռաները վրձինած ժամանակ կ՛անտեսեն լեզուին մակերեսը։ Ուրեմն շատ ուշադրութիւն դարձուցէք այս իրողութեան եւ լաւ մաքրեցէք ձեր լեզուն՝ վրձինին հակառակ կողմը օգտագործելով, կամ ուղղակի փափուկ վրձին մը յատկացնելով միայն լեզուին։ Օրական երկու անգամ, յատկապէս ուտելէն ետք մաքրեցէք, ու ձերբազատեցէք այս վիճակէն։ Կարգ մը անձեր մաքրելու աւելի լուրջ կարիքը ունին, որովհետեւ իրենց լեզուն խորտուբորտ կ՛ըլլայ։ Ամէն պարագայի, կարելի է մասնագէտ ատամնաբոյժին դիմել, իր խորհուրդներուն հետեւիլ ու մաքուր բերանի հոտը պահպանել։
* Առանց շաքարի ծամոններ
օգտագործեցէք.
Գարշահոտը վանելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը անուխ կամ ծամոն օգտագործելն է։ Զգո՛յշ, սակայն. եթէ շաքար կը պարունակէ ծամոնը, ոչ միայն հարցը չի լուծեր այլ աւելի կը բարդացնէ։ Այն անախորժ մանրէները, որոնք կրնան բերանին հոտը վատացնել, շաքարին հետ միանալով՝ աւելի կը բարդանան եւ աւելի կը սաստկացնեն գարշահոտութիւնը։
* Բերանը միշտ թաց պահեցէք եւ խոնաւ.
Չոր բերանը աւելի կը նպաստէ գարշահոտի տարածման։ Օրական 8 բաժակ ջուր խմեցէք անպայման եւ մի վարանիք առատ ջուրէն երբեք։ Լորցունքը ինքնին իր մէջ ունի այնպիսի «էնզայմ»ներ, որոնք ինքնաբերաբար կ՛ոչնչացնեն այդ մանրէները։ Եթէ չոր պահէք ձեր բերանը, ապա լորցունքը իր պարտականութիւնը պիտի չկարենայ կատարել։ Սակայն եթէ 8 բաժակ խմելով հանդերձ տակաւին չոր է ձեր բերանը, կ՛արժէ մասնագէտի ցուցմունքներուն հետեւիլ։ Հետեւաբար, հետեւեալ երկու պարագաներէն մէկը ձեզի կը յարմարի.
1. Կարգ մը դեղերու գործածութիւնը բերանի չորացում կը պատճառէ, ինչպէս՝ գերզգայնութեան (allergy) դեղերը, գերճնշուածութեան եւ գերլարուածութեան համար գործածուելիք դեղերը, արեան գերճնշումը սանձող դեղերը եւ այլն։ Այս պարագաներուն, ձեր ատամնաբոյժին յայտնեցէք հարցը եւ ան ձեզի կը թելադրէ յատուկ ակռայի դեղեր եւ բերանի մաքրութեան հեղուկներ, որոնք կրնան թրջել բերանի ներքին մաշկը, խոնաւցնել եւ չորացումէ զերծ պահել զայն։
2. Եթէ առաւօտ կանուխ շատ չոր է ձեր բերանը, ապա կը նշանակէ, թէ ամբողջ գիշերը բաց բերանով շնչած էք ու պատճառներ ունիք անոր համար։ Կա՛մ «սայնըս»ներու հարց է, կա՛մ բերանի եւ ակռաներու շարքի հարցեր կրնան ըլլալ։ Ամէն պարագայի, ձեր բժիշկին հետ խօսեցէք ու համապատասխան դարմանումի ենթարկուեցէք, որպէսզի բերանի չորացումը եւ գարշահոտը վերանան։
* Հաց օգտագործեցէք.
Հաւանաբար շաքարեղէնը սանձած էք ձեր խիստ սննդականոնին պատճառով։ Ըստ կարգ մը մասնագէտներու, բերանի գարշահոտութիւնը կրնայ Low Carb սննդականոնի հետեւանք ըլլալ։ Այս սննդականոնին գաղտնիքը կը կայանայ մարմինի ամբարէն յաւելեալ իւղ սպառելուն մէջ, երբ մարմինը զուրկ կը մնայ շաքարեղէնէն։ Այս իմաստով, քիմիական գործողութիւն մը տեղի կ՛ունենայ մարմինին մէջ. իբրեւ հետեւանք՝ ստամոքսէն հոտը դուրս կու գայ դէպի բերան։ Այս պարագային, երբ գարշահոտութիւնը ներքին օրկաններու եւ անոնց աշխատանքին պատճառով է, ուրեմն բերանի պարագային կարելի չէ բան մը ընել։ Կ՛արժէ որոշել սակայն՝ ձեր մարմինը ու անոր ձե՞ւը, կամ շունչն է անհրաժեշտ ձեզի համար։
* Թէյ օգտագործեցէք.
Թէյ խմելը կրնայ նպաստել բերանի գարշահոտի կանխարգիլման։ Իլինոյի համալսարանին մէջ ուսումնասիրութիւն մը կը փաստէ, թէ սեւ եւ կանաչ թէյերը իրենց մէջ կը պարունակեն «բոլիֆենոլ» նիւթը, որ կրնայ կանխարգիլել գարշահոտութիւն պատճառող մանրէի գոյութիւնը, եւ նաեւ կրնայ անոր պատճառած գարշահոտութիւնը սանձել։ Հետեւաբար, օրական գաւաթ մը լիմոնով թէյ օգտագործեցէք ու հեռու մնացէք այդ հոտէն, որ կրնայ ձեզ ու ձեր շրջապատը խանգարել։
* Cardamom օգտագործեցէք.
Անիկա իր մէջ կը պարունակէ մանրէներ փճացնող յատկութիւններ, որոնք կրնան նպաստել գարշահոտութեան վերացման կամ թեթեւացման։ Երկար ժամանակ, այս նիւթը օգտագործուած է մեր նախնիներուն կողմէ իբրեւ բերան մաքրող կամ բերանին հոտը ու համը լաւացնող նիւթ։ Cardamom բոյսը իր մէջ կը պարունակէ cineole նիւթը, որ ինքնին կրնայ մանրէներ ոչնչացնել ու անշուշտ վերացնել գարշահոտութիւնը։ Կարելի է օրական մէկ-երկու հատիկ cardamom ծամել, կամ fennel ծամել՝ անուխի կամ ծամոնի փոխարէն։
* Բժիշկի այցելութիւն.
Եթէ վերը յիշուածները բոլորը օգտագործած էք եւ լուծում չկայ, ապա հարկ է բժիշկ կամ ատամնաբոյժ տեսնել։ Յարատեւ գարշահոտութիւնը արդիւնք կրնայ ըլլալ շաքարախտի, երիկամունքներու հարցի կամ այլ անհանգստութիւններու, որոնք ներքին օրկաններու հետ առնչուած են։ Այս իմաստով, հետեւողական քննութեան ենթարկուիլը շատ անհրաժեշտ է։ Յիշենք միշտ, որ գարշահոտութիւնը հետեւանք է։ Պատճառը լուծենք, որպէսզի արմատական լուծում գտնենք հետեւանքին։ Կիսամիջոցները երբեք պիտի չօգնեն։