ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդուն հոգեկան աշխարհը յաճախ կը բացատրուի անոր զգացականութեամբ: Ցաւի, վիշտի, ուրախալի պատահարներու եւ հրճուալից դէպքերու դիմաց, մարդ էակը զգացական արտայայտութիւններ կ՛ունենայ, որոնցմով կը բացատրուի տուեալ կացութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումը, կամ զայն ընկալելու աստիճանաչափը:
Կենդանական աշխարհի պաշտպան անձինք եւ մանաւանդ անոնց մէջ բանականութիւն տեսնել սիրողներ, անասունին մէջ բնազդէն անդին՝ զգացական աշխարհ փնտռելու իրենց ճիգին մէջ, մարդուն զգացական աշխարհին հետ համեմատութիւններ կատարել կը յանդգնին, ու հաստատումներ ալ կը հրապարակեն: Գիտութիւնը թաւամազ կապիկներու տեսակներէն մէկուն՝ Շեմբանզէին ուղեղային համակարգը մարդկային ուղեղին մօտեցնելու փաստեր տուած է, սակայն անոնք բաւարար չեն, հաստատելու համար մարդուն այդ կապիկէն յառաջ եկած ըլլալը: Նոյնիսկ այս տեսակներու պարագային, անոնց աչքերուն մէջ երբեմն երեւցող գութի կամ խղճահարութեան արտայայտութիւններն անգամ, յաճախ տուեալ դէպքին հետեւող երեւոյթներ չեն, այլ այդ պահուն բնազդաբար անոնց ունեցած տրամադրութենէն կախեալ վիճակներ:
Մարդ էակը իր զգացական աշխարհով ամբողջութեամբ կը տարբերի անասունէն: Մինչեւ իսկ խելագար կամ միտքի հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած ցաւագար մարդոց դէմքին վրայ կ՛ուրուագծուին արտայայտութիւններ, որոնք թարգմանը կը հանդիսանան անոնց ներքին, գուցէ խախտած զգացողականութեան, կամ պարզապէս խանգարուած զգացումներուն:
Ոմանք իրենց փայփայած ընտանի կենդանիներուն ունեցած ցնծալից պահուան կամ ուրախ տրամադրութեան վրայ յենելով, կը ջանան համոզել ուրիշները, թէ՝ շան դունչին լայննալը մէկ կողմէ միւսը, անպայման ժպիտ է: Ժպտալը բանաւոր մարդ էակի արտայայտութիւն է, որուն իմաստը անպայման շրթներուն լայննալը չէ՛, այլ այն զգացումը որ այդ ժպիտը կ՛արթնցնէ թէ՛ ժպտացողին, եւ թէ անոր հոգւոյն մէջ՝ որուն կը շնորհուի այդ ժպիտը:
Մարդկային զգացումներու ընդարձակ բառարանը կարելի է կազմել, որուն մէջ ամէնէն սովորական նկատուած զգացումներէն սկսեալ, մինչեւ ամէնէն վեհ զգացումները կրնան իրենց տեղը ունենալ: Սակայն, կան զգացումներ, որոնք բացատրելի կ՛ըլլան միա՛յն ապրումներով: Ուրիշ խօսքով, տուեալ զգացումը պէտք է ապրիլ, զայն իմանալ, կամ հասկնալ կարենալու համար:
Զգացումները նաեւ ունին իրենց տարիքային զարգացումները: Մանուկներու ուրախութիւնը, որ ինքնին զգացում է, կարելի չէ՛ համեմատել տարեց մարդոց ուրախութեան նոյն զգացումին հետ: Զգացումները, հետեւաբար, տարիք ունին եւ մարդու աճման հետ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն: Զգացումներու միջեւ այս տարբերութիւնները միայն տարիքային չեն, այլ՝ անոնք կը տարբերին նաեւ, տուեալ անձին զարգացման աստիճանով, ինչպէս նաեւ ապրած կեանքի պայմաններուն բերումով: Գիտութեան մէջ նուաճումներ արձանագրած գիտնականը եւ բանուորը, եթէ նոյնիսկ միեւնոյն ուրախալի դէպքին ներկայ գտնուին, նոյն ձեւով չեն արտայայտեր իրենց ուրախութիւնը, կամ նոյն ձեւաչափով կարելի չէ բացատրել անոնց ներքին՝ հոգեկան զգացումը, որ խորքին մէջ, հաւասարապէս ուրախութեա՛ն զգացում է: Նոյնը կարելի է ըսել տրտմութեան կամ ցաւի պարագային: Քաղաքակիրթ մարդն ու շինականը նոյն ձեւով չեն ողբար ցաւագին դէպքը, որուն ներկայ կը գտնուին միասնաբար: Նոյնիսկ վիշտը կրնայ տարբեր ալեկոծումներ ստեղծել անոնցմէ իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ:
Մարդկային ամէն տեսակի զգացումները ծնունդով կը ժառանգէ մարդը իր ծնողներէն: Սակայն, այդ բոլորէն վեր կայ մէկ զգացում միայն, որ երկինքէն կ՛իջնէ ու կը հանգչի մարդու հոգիին մէջ: Երկինքէն ըլլալով, անիկա ունի իր երկնային տարբերակը, իսկ երկրի վրայ՝ այլ կերպերով արտայայտութիւն կը գտնէ:
Սէրն է երկնային այդ զգացումը, որ ծնունդով չի՛ փոխանցուիր, այլ երկինքէն՝ անհուն Սէրէն կը ցոլայ մարդկային հոգիին մէջ, ու այնտեղ կ՛աճի, համաձայն զայն ստացողին խնամատարական կարողութեան ու հոգածութեան ամէնօրեայ ճիգերուն: Սէրը ճիշդ է, որ կը շնորհուի երկինքէն, սակայն երկրի վրայ աճման կը կարօտի: æրտուքի կարիքը ունի անիկա, այլապէս կը թառամի ու կը չորնայ:
Սիրոյ երկինքէն էջքին գերագոյն օրինակը, Աստուածորդիին մարդեղացումն է, որ իսկապէս խորհուրդ է, ու անհասկնալի ո՛չ թէ իր մարմնառութեան արտաքին ձեւին համար, այլ՝ Աստուծոյ խոնարհութեան աստիճանաչափով: Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խոնարհիլ իր արարածներուն դիմաց: Ահա թէ ինչո՞ւ «խորհուրդ» կը կոչուի մարդեղացումը: Խորհուրդ ըլլալով միատեղ, սակայն, Յիսուսի մարդեղացումը ունի իր պարզ բացատրութիւնը: Երկինքէն իջած Սէրն էր Ան: Աստուծոյ անեղ բնութիւնը, սիրով կ՛իմացուի: Եթէ աստուածային սիրոյ զեղումին արդիւնքն է բովանդակ տիեզերքը իր շնչաւոր արարածներով, ապա ուրեմն մարդեղացումը շատ բնական մէկ հետեւանքն է այդ սիրոյ երկարաձգման, մինչեւ իսկ երկինքէն երկիր խոնարհութեամբ:
Երկինքէն շնորհուած զգացումին աստուածաբանական խորքը տալէ ետք, երբ կը նայինք անոր երկրաւոր իմաստին, առաջին հերթին, մեր ուշադրութիւնը ակամայ կը սեւեռուի անոր այլակերպումներուն վրայ: Անայլայլ իրավիճակ չի՛ պարզեր անոր երկրաւոր տեսակը, ինչքան ալ երկինքէն տրուած ըլլայ մարդուն: Մահու չափ ուժեղ ու անխուսափելի տեսակներն անգամ ասոր, յանկարծ կը թուլնան ու հակառակ ընթացքով կը քակեն տարիներով ամրացուած հանգոյցը: Մինչեւ իսկ ուխտերով ու աղօթքներով ամրացուած անոր տեսակները կրնան տկարութիւններ արձանագրել, եւ վերջնական խզումներով նոր ճամբաներ որոնել:
Երկինքէն իջած այս զգացումը՝ սէրը, իր երկրաւոր տեսակներէն մէկուն մէջ՝ զաւակներուն ընծայուած իր ձեւին մէջ, յաճախ կը մօտենայ կատարելութեան, առանց սակայն հասնելու անոր: Երկինքէն իջած այս զգացումը՝ սէրը, երկրաւոր իր օրերուն միշտ վիրաւոր է ու պանդուխտ, մինչեւ դարձեալ վերադառնայ իր երկնային օթեւանները, ուր աստուածային անխառն սիրոյն միանալով, կը գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը:
Սէրը սիրոյ մէջ կը հանգչի միայն: Փոխադարձ սիրոյ մասին տրուած ամէնէն պարզ բացատրութիւնն է այս: Ինչքա՜ն մարդիկ կը կարօտին այս սիրոյն, երբ մարդոց առօրեայ կեանքը կարիքներով ու տառապանքով լեցուն է: Աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ, փողոցներու եւ մայթերու վրայ փռուած անտունիներ իրենց բերանը երկինք բացած, երաշտի տարիներուն անձրեւ սպասող մշակին նման, սիրոյ մէկ կաթիլ անձրեւի ակնկալիքը ունին: Երկինքէն իջնող այդ զգացումին պապակէն, հոգեկան գետիններ ճաթռտած, խոպանացած ու լերկացած են:
Երկինքէն իջած զգացումը փնտռէ՛ մէջդ, յուզէ՛ անոր աւազանը, ու ջրէ՛ այն արտերը, որոնց հունձքէն անպայման բաժին պիտի հանէ Աստուած քեզի համար: