Թէքէեան մշակութային միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է գրական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մայիս 26ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Թէքէեան մշակութային միութեան Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ (1901 N. Allen Avenue, Altadena, California 91107)։
Գաղութիս պատմուածքներու սիրուած հրապարակագիր Զարեհ Սափսզեան պիտի ներկայացնէ ամերիկահայ նշանաւոր հեղինակ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի կեանքն ու գործերը։
Զարեհ Սափսզեան ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, աւարտած է տեղւոյն Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը։ Ան երկար տարիներ դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գրականութիւն՝ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ՝ մեծապէս սիրուելով իր աշակերտներէն։
Մուտքը ազատ է եւ ձեռնարկէն ետք տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։