ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.– Ես համաձայն եմ, որ շատ մարդկանց համար Խորհրդային Միութեան փլուզումը դարձաւ ողբերգութիւն, քանի որ նրանք կորցրեցին կեանքի սովորական ռիթմը, թուացեալ բարեկեցութիւնը, ստիպուած էին կտրուկ փոխել իրենց կենսակերպը: Հսկայական ջանքեր պահանջուեցին քաղաքացիների անվտանգութեան ապահովման համար: ԽՍՀՄ փլուզման հետ, այն հակամարտութիւնները եւ խնդիրները, որոնք արդէն գոյութիւն ունէին, վերածուեցին ռազմական գործողութիւնների, պարզ ասած՝ պատերազմի: Միւս կողմից, այնուամենայնիւ, շատ ժողովուրդներ երազում էին անկախութեան մասին: Ստանալով անկախութիւն՝ մարդիկ կարողացան իրականութիւն դարձնել դարերի խորքից սերնդէ սերունդ փոխանցուող երազանքը:
Անկախ Հայաստանն ընդամէնը 20 տարեկան է. Հայաստանի ամբողջ պատմութեան տեսանկիւից՝ ընդամէնը կաթիլ ծովում: Հայաստանն իր անկախութիւնը կորցրել էր շատ դարեր առաջ, իսկ առաջին անկախ հանրապետութեան երկուսուկէս տարին՝ պատմութեան մէջ ինչ–որ ակնթարթ է: Խորհրդային Հայաստանը, ի հարկէ, հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ շատ կարեւոր փուլ է եղել, ժողովրդի ինստիտուցիոնալ յիշողութեան ձեւաւորման եւ համակարգման ժամանակաշրջան: Հէնց դա է մեզ օգնել կանգուն մնալ:
«ՄՈՍԿՈՎՍԿԻԷ ՆՈՎՈՍՏԻ».– Այսինքն, խորհրդային շրջանում դրուել է հիմք, որը հնարաւորութիւն տուեց կանգուն մնալ հետագայո՞ւմ, երբ Միութիւնը փլուզուեց:
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.– Այո, հիմքը եղել է տնտեսութեան, ժողովրդագրութեան, մշակոյթի, գիտութեան մէջ եւ ժողովրդի ինստիտուցիոնալ յիշողութեան ձեւաւորման մէջ:
«ՄՈՍԿՈՎՍԿԻԷ ՆՈՎՈՍՏԻ».– Եթէ ամփոփենք, ի՞նչն է խորհրդային պատմութեան մէջ աւելի շատ եղել Հայաստանի եւ հայերի համար՝ լա՞ւը, թէ՞ վատը:
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.– Հայերը, ինչպէս բոլորը, իրենց վրայ զգացել են բոլոր խնդիրները, որոնք եղել են Խորհրդային Միութիւնում: Ընդհանուր առմամբ, ես համարում եմ, որ աւելի շատ եղել են լաւ իրադարձութիւններ, քան՝ վատ: Եղել է զարգացում, եւ ոչ մի կերպ չի կարելի համեմատել ենթադրենք՝ 1988թ. Խորհրդային Հայաստանի մակարդակն ու վիճակը մինչ– խորհրդային ժամանակաշրջանի հետ: Ես համարում եմ, որ Հայաստանն, իրականում, բուռն թափով զարգացել է:
Հայաստանի անկախութեան՝ Մայիս 28ի տարեդարձի նախօրէին, թերեւս պարզ ու պատահական զուգադիպութեամբ մը, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան նախագահը աշխարհին ու հայ ժողովուրդին ներկայացաւ մեր նորագոյն պատմութեան մասին տարականոն, չըսելու համար բռնազբօսիկ «գնահատական»ով մը։
«Մոսկովսկիէ Նովոստի»ին տրուած իր վերջին հարցազրոյցին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ամենայն համոզումով ներկայացուց եւ պաշտպանեց այն տեսակէտը, թէ «Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը… ինչ որ ակնթար»չ մը եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան համար, մինչդեռ… «Խորհրդային Հայաստանը շատ կարեւոր փուլ է եղել. ժողովրդի ինստիտուցիոնալ յիշողութեան ձեւաւորման եւ համակարգման ժամանակաշրջան: Հէնց դա է մեզ օգնել կանգուն մնալ»:
Յատկանշականօրէն նոյնիսկ «Մոսկովսկիէ Նովոստի»ի աշխատակիցը, ըստ երեւոյթին, լսածին չէ հաւատացած եւ ուզած է, ստուգիչ հարցապնդումով մը («Այսինքն, խորհրդային շրջանում դրուել է հիմք, որը հնարաւորութիւն տուեց կանգուն մնալ հետագայո՞ւմ, երբ Միութիւնը փլուզուեց»), պարզել ՀՀ նախագահին այսօրինակ՝ խորհրդահայ պաշտօնական մտածողութիւնը յիշեցնող գնահատականը։ Իսկ Նախագահ Սերժ Սարգսեան անվարան կրկնած է, թէ «Այո, հիմքը եղել է»… Աւելին, պր. Սարգսեան այնքան «խանդավառուած» կը թուի ըլլալ իր գաղափարախօսական «յայտնագործում»ով, որ մինչեւ իսկ կը յոխորտայ, թէ «ոչ մի կերպ չի կարելի համեմատել ենթադրենք՝ 1988թ. Խորհրդային Հայաստանի մակարդակն ու վիճակը մինչ–խորհրդային ժամանակաշրջանի հետ»…
Ահա՛ «նախագահական» նուէր մը… Մայիս 28ի տարեդարձին առիթով։
Իսկ մեր ժողովուրդը, որքա՜ն «միամիտ», ահա քանի սերունդ է, որ Մայիս 28ին մէջ կը տեսնէր հիմքը, այլեւ անխորտակ վէմը հայոց անկախ պետականութեան ստեղծումին ու արմատաւորումին։
Եւ կը սպասէր, որոշապէս Դաշնակցութեան ուղեկից իր բազմութիւններով, թէ կու գայ օրը, երբ խորհրդահայ իրականութեան մէջ եւս ըստ արժանւոյն կը գնահատուին Մայիս 28ի հիմնարար տեղն ու նշանակութիւնը։
Իսկ հայ քաղաքական մտքի տարբեր հոսանքները, խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրած գաղափարախօսական կապանքներու աստիճանական թուլացման համահունչ, քայլ առ քայլ վերագտած ըլլալ կը կարծէին իրենց միասնականութիւնը՝ բոլորուելով այսպէս կոչուած «Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան» արժէքային համակարգին, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակին ու Եռագոյնով ծածանող խորհրդանիշներուն շուրջ։
Բայց քսան տարիէ ի վեր վերանկախացեալ Հայաստանի երրորդ նախագահը ահա՛ կու գայ աշխարհին, նաեւ հայ ժողովուրդին «բացատրելու» եւ «հիմնաւորելու», թէ մեր ժողովուրդի ու Հայաստանի կանգուն մնալուն հիմքը սխալ է – իբր թէ – փնտռել «ակնթար»չ մը տեւած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մէջ։
Որովհետեւ ըստ պր. Սարգսեանի՝ խորհրդային ժամանակաշրջանը եղած է – իբր թէ – հիմքը հայ ժողովուրդի «ինստիտուցիոնալ յիշողութեան ձեւաւորման եւ համակարգման» … որուն շնորհիւ կրցած ենք կանգուն մնալ – եղե՜ր։
Մինչդեռ քսան տարի առաջ մենք տեսանք նաեւ խորհրդահայ պետական պաշտօնատարներ, որոնք տասնամեակներու ուրացումը դատապարտելով՝ ինքնաքննադատութեան կարգով եկան խոստովանելու, որ առանց Մայիս 28ին եւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան ստեղծումին՝ մեր ժողովուրդը պիտի չունենար Խորհրդային Հայաստան։
ՀՀ երրորդ նախագահին յիշողութիւնը վստահաբար կը դաւաճանէ իրեն, երբ այսպէս մոռացութեան կը յանձնէ 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի մշակման ե՛ւ ժամանակները, ե՛ւ ազգովին մեզ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումի յաղթարշաւին մղող գաղափարապաշտ մթնոլորտը։
Նախագահ Սարգսեան պարզապէս կ՛անտեսէ նաեւ իր սերնդակիցներուն համաժողովրդային եւ համընդհանուր խանդավառութեան ալիքը, որ ազգային մեր յիշողութիւնը խորհրդային ժամանակաշրջանի ժանգերէն ու կեղտաջուրերէն մաքրելու հաստատակամութեամբ՝ մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ «Միացում» եւ «Անկախութիւն» պահանջելով։
Թերեւս այս պարագային եւս, ինչպէս երեք տարի առաջ՝ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ձեռնարկած պահուն, Հայաստանի երրորդ նախագահը օտար հանրային կարծիքին եւ որոշապէս ռուս հասարակութեան «տպաւորելու» ինչ–որ հարց կը փորձէ լուծել։
Թերե՛ւս։
Բայց ինչպէս հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի կնճիռի, այնպէս ալ հայեւռուս յարաբերութեանց գորդեան հանգոյցի պարագային հնարաւոր չէ խառն պատգամներով կամ երկիմաստ կարգախօսքերով երկար ճամբայ կտրել։
Եւ ինչպէս պատահեցաւ Թուրքիոյ պարագային, նոյնպէս եւ Ռուսաստանի հետ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի յարաբերութեանց հետագայ զարգացման համար, գոնէ անկախ Հայաստանի նախագահը պիտի կարենայ ռուս քաղաքական եւ պետական մտածողութեան պարզօրէն եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ ըսել, որ խորհրդային 70ամեայ ամբողջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին պարտադրուած մեծագոյն անարդարութիւն էր՝ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի բաժին հանուած հայաթափումով եւ գերեվարումով…
Ի վերջոյ Լենինի եւ Քեմալի մեղսակցութեամբ խորտակուեցաւ հայոց պետական անկախութիւնը։
Անշուշտ այլեւս անցեալին կը պատկանի բոլորիս ընդհանուր պատմութեան այդ դառն ու դաժան էջը։ Նաեւ՝ բոլորիս առջեւ ցցուած է սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւ հաշտ ապրելու հիմք ստեղծելու հրամայականը։ Բայց ճիշդ այդ առումով ի՞նչ կը բանի անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան նախագահը, երբ այսպէս կը հեգնէ մեր ազգային յիշողութիւնը՝ հայ ժողովուրդի համար ինչ–որ «ինստիտուցիոնալ յիշողութեան ձեւաւորման եւ համակարգման» հիմք հռչակելով… խորհրդային ժամանակաշրջանը։
Մանաւանդ որ նոյն հարցազրոյցին մէջ կը ստիպուի յաւելումներ կատարել եւ գանգատելու պէս տրտնջալ, թէ Խորհրդային Միութիւնը անհրաժեշտ չափով հաշուի չէր առներ Հայաստանի ու հայութեան ազգային իրաւունքներու վերականգնման խնդիրը՝ թուրքեւխորհրդային սահմաններու Հայաստանի բաժնով անարդար տնօրինումներէն մինչեւ Արցախի «ընծայաբերում»ը Ատրպէյճանին եւ Նախիջեւանի ապահայացումը։
Ոչ ոք կրնայ անտեսել, որ Հայաստանի նախագահին – ոչ միայն երրորդ նախագահին, այլեւ՝ ոեւէ նախագահի – քաղաքական–պետական գործը չափազանց դժուար է, զգայուն եւ պատասխանատու՝ ռուսեւթուրք յարաբերութեանց բարդ, հակասական ու մրցակցային խորապատկերէն մեկնելով։
Այդ իմաստով ալ ոչ ոք կը սպասէ նախագահ Սարգսեանէն, որ օտար հանրային կարծիքին հետ խօսի այնպէ՛ս, ինչպէս պիտի խօսէր սեփական ժողովուրդին հետ։
Բայց դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան խաղականոնները իրենք կը պարտաւորեցնեն, որ արտաքին եւ ներքին շուկայի սպառման մասնայատուկ պայմանները յարգելով ու ամբողջացնելով հանդերձ՝ որեւէ պետութեան թիւ մէկ ներկայացուցիչը պէտք է կարենայ տէր կանգնիլ արժանահաւատութեան իր դրամագլուխին։ Իսկ այդ դրամագլուխը լրիւ կը կորսուի, երբ պետական ղեկավար մը կարմիր գիծեր չի ճշդեր սեփական շարժումի եւ կեցուածքներու ազատութեան համար։
Խորհրդային ժամանակաշրջանը մեր ժողովուրդի կանգուն մնալուն հիմքը հռչակելով՝ նախագահ Սարգսեան պարզապէս խախտեց նոյնինքն քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան հաստատած խաղականոնը։
Իսկ հայ ժողովուրդի սարդարապատեան ինքնաճանաչումին հասցուց անարդարանալի վիրաւորանք։