
Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ թեմակալ նոր առաջնորդ ընտրուած է Միքայէլ եպս. Մուրատեանը։
Ան կը յաջորդէ Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, որ սոյն թեմը կը ղեկավարէր 2001 թուականէն սկսեալ, եւ որուն պաշտօնավարութիւնը վերջ կը գտնէ այս տարի, կանոնական տարիքի թեւակոխման պատճառով։
Նորընտիր առաջնորդը ծնած է Պէյրութ, 1961ի Յուլիս 5ին. զաւակն է Սարգիս եւ Թերեզ Մուրատեաններուն։ Նախնական ուսումը ստացած է Զահլէի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու դպրոցէն։ 1973ին աշակերտած է Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան կղերանոցին՝ հոն ստանալով միջնակարգ ու երկրորդական կրթութիւնը։ 1981-1986 տարիներուն ուղարկուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարան, եւ ստացած է իմաստասիրութեան ու աստուածաբանութեան վկայականները՝ յաճախելով տոմինիքեան հայրերու «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանը։ 1986-1987ին, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի «Institut Catholique» կաճառին մէջ հետեւած է երիտասարդներու հովուականի մասնագիտական դասընթացքներուն։
Ան քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է Փարիզ, 24 Հոկտեմբեր 1987ին, ձեռամբ Գրիգոր եպս. Ղապրոյեանի, որպէս անդամ Զմմառեան կաթողիկոսական միաբանութեան։
Հայր Միքայէլ Մուրատեան ստանձնած է հետեւեալ պաշտօնները.
1987-1988՝ փոխտեսուչ Զմմառու ընծայարանին, 1988-1989՝ փոխտեսուչ Հալէպի դպրեվանքին, 1989-1990՝ ժողովրդապետ Դամասկոսի Թագուհի տիեզերաց եկեղեցւոյ, 1991՝ փոխժողովրդապետ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, Զալքա, Լիբանան, 1992էն 2001՝ ժողովրդապետ Հայաստանի Շիրակ եւ Լոռի մարզերու զանազան գիւղերուն մէջ, 1995էն 2001՝ ընդհանուր քարտուղար եւ գործադիր տնօրէն Հայաստանի «Քարիթաս-Հայաստան» բարեսիրական կազմակերպութեան։
Ան 2000ի Հոկտեմբերին ստացած է պատուակալ փրոֆեսէօրի կոչում՝ Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Մ. Նալպանտեան անուան պետական մանկավարժական համալսարանէն։
Լիբանան վերադարձին, հայր Միքայէլ կը կարգուի ժողովրդապետ Էշրեֆիէյի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ, ապա հոգեւոր հայր՝ Զմմառու ընծայարանին եւ հոգեւոր վարիչ՝ պատրիարքական թեմի երիտասարդաց յանձնախումբին։ Նոյն տարիներուն եղած է նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Աւետիք» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ։
2005էն 2007, Միքայէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան եղած է մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանին, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան գործակալ՝ Ս. Աթոռին մօտ, Վատիկան։
2007ի Սեպտեմերին, Միքայէլ Ծ. վրդ Մուրատեան ընտրուած է պատրիարքական փոխանորդ Զմմառեան կաթողիկոսական միաբանութեան եւ մեծաւոր Զմմառու մայրավանքին, մինչեւ իր ընտրութիւնը որպէս առաջնորդ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց, այս տարուան Մայիս 20ին: