ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի նախագահները միացեալ յայտարարութիւններ պիտի ընեն ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ: ՌԴ նախագահի օգնական Սերկէյ Փրիխոտքօ յայտնած է, թէ Տովիլի մէջ «Մեծ Ութեակ»ի (G8) գագաթնաժողովի նախօրէին պատրաստուած է եռակողմ յայտարարութիւնը:
Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւ ու Պարաք Օպամա պիտի հանդիպին Մայիս 26ին՝ «Մեծ Ութեակ»ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, եւ Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի հետ պիտի ներկայացնեն միացեալ յայտարարութիւնը:
Նշենք, որ Ֆրանսա, ԱՄՆ եւ Ռուսիա ԵԱՀԿ համանախագահող երկիրներն են: