Շաբաթ, Մայիս 28ը, Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 93րդ տարեդարձն է։
Կիրակի, Մայիս 29ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնին առթիւ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական մաղթանք եւ յատուկ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի, «վասն հոգւոց քաջամարտիկ զաւակացն ազգիս հայոց, որք անկան ի ճակատամարտին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ-Ապարանի, եւ այլ ճակատամարտս ի թուին 1918, վասն ազատութեան ազգիս հայոց»։
Առաջնորդ սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին, որուն ընթացքին պիտի կատարէ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ այս առթիւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։