
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ազգային ժողովը իր երէկուան նիստով քննարկեց կառավարութիւնը պատասխանատուութեան կանչելու եւ անոր նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու ՀՅԴ խմբակցութեան հարցապնդում-առաջարկը:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի խօսքով, Դաշնակցութիւնը կառավարութեան հանդէպ անվստահութեան իր առաջարկը կը հիմնաւորէ հասարակական-տնտեսական քաղաքականութեան ձախողութեամբ, ոչ արդիւնաւէտօրէն վարուած հակաճգնաժամային քաղաքականութեամբ, կառավարութեան նախաձեռնած շարք մը օրինագիծերուն՝ սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան անհամապատասխանութեամբ, գնաճը զսպելու անկարողութեամբ, հայրենադարձութեան խթանման եւ արտագաղթի կանխման գործին մէջ թերացումով…:
«Կառավարութեան ձախողումները բոլոր այս ուղղութիւններով մեր կողմից փաստելու համար հիմք են ծառայել «կոալիցիոն» կառավարութեան յուշագրի 22 առաջնահերթութիւնները, կառավարութեան հաստատած ծրագրերը, նախանշած ծրագրերը եւ կատարած քայլերը», յայտարարեց Ռուստամեան, աւելցնելով, որ իրենց արծարծած հարցերուն դիմաց կառավարութեան տուած պատասխանները չեն փարատած իրենց մտահոգութիւնները:
«Տպաւորութիւնն այն է, որ կառավարութիւնը այս երեք տարիների ընթացքում ասել է մի բան, արել է մի բան, իսկ մտածել է՝ բոլորից թաքուն, բոլորովին այլ բան», յայտարարեց Ռուստամեան:
Ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան կառավարութեան ձախողութիւններուն իբրեւ պատճառ մատնանշած է համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը: Միեւնոյն ժամանակ, նախարարը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը չի ժխտեր խնդիրներու առկայութիւնը, եւ քայլեր կը կատարէ զանոնք շտկելու ուղղութեամբ:
Հարցի քննարկումէն ետք ԱԺ նախագահը ձեռնարկեց քուէարկութեան, սակայն անհրաժեշտ սարքերը չաշխատեցան: ՀՅԴ պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանը յայտարարեց, թէ նախադէպեր եղած են, երբ նման հարցերու քննարկման ժամանակ սարքերը չեն աշխատած եւ քուէարկութիւնները յետաձգուած են:
Ի վերջոյ, քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ եւ Դաշնակցութեան առաջարկը մերժուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ, պատգամաւորներու մեծամասնութեան բացակայութեան: Կառավարութեան նկատմամբ անվստահութեան առաջարկին կողմ քուէարկեցին 10 պատգամաւորներ, իսկ դէմ քուէարկեցին՝ 13: