ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2011ին, Լոս Անճելըսի «Հայ Գիր» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց սփիւռքահայ ծանօթ արձակագիր, հրապարակագիր-խմբագիր եւ հրապարախօս Ս. Վահան ծածկանունով Սարգիս Մահսէրէճեանի, «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» յատուկ եւ դիտումնաւոր կերպով խտացուած ու պարզացուած վէպը:
Գաղափարապաշտ ու նուիրեալ այս հայ գրողին նոր հրատարակութիւնը բաղկացած է 128 էջերէ եւ 7 բաժիններէ: Վիպակին սկիզբը նշուած է, թէ այս հատորը ձօնուած է «Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ազգային պայքարի դրօշը բարձր պահող բոլոր զինուորներուն, քաղաքական բանտարկեալներուն եւ յատկապէս Հայ Դատի նուիրեալ զոհերուն»:
Առաւել յիշուած է նաեւ, որ նախապէս այս գրքոյկը իբրեւ թերթօն լոյս տեսած էր 1985ի Ապրիլին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, եւ ապա տարի մը ետք վերածուած առանձին գրքոյկի մը, Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ:
Խօսելով սոյն վէպ-վիպակի ծնունդին մասին՝ պէտք է աւելցնել նաեւ, որ մեր ժողովուրդի հակաթուրք պայքարը եղած էր հեղինակին ներշնչման հարազատ աղբիւրը:
Մահսէրէճեան իր այս գործով կը փորձէ յիշեցնել յատկապէս մեր նոր սերունդին եւ երիտասարդութեան, մեր տարած ուժական պայքարի, հայ բազուկի, գաղափարի, միտքի եւ հոգիի դերակատարութիւնը՝ յանուն մեր ազգային իրաւունքներուն տիրացման եւ մեր արդար Դատի միջազգային ճանաչման:
Եւ որպէսզի հատորը մեր նոր սերունդին եւ կամ զայն ընթերցողին դիւրասահ ու մատչելի դառնայ, հեղինակը իր տողերն ու բառերը ոչ միայն պարզացուցած ու բովանդակութիւնը խտացուցած է, այլ նոյնիսկ գրքոյկի վերջին էջերուն վրայ հրամցուցած է իր նշած բառերուն մասին լայն բացատրութիւններ, որոնք բացատրողական դրութեամբ բառարանի պիտակի տակ տեղաւորուած են:
Վիպակին նիւթը ամէն հայու սրտին խօսող է եւ՝ շատ յստակ: Այսպէս՝ հայ երիտասարդ, իրաւաբանական ճիւղի ուսանող Ժան Գէորգեան մտադրած է իր բնակած քաղաքի թուրք դեսպանը ահաբեկել, եւ յանուն մեր նահատակներու թափած արեան՝ թուրքերէն իր վրէժը լուծել:
Հետեւելով իր յարձակումէն առաջ Սասունցի Դաւիթի՝ թշնամին զգուշացնելու օրինակին՝ օրին իր գործադրելիք ահաբեկչական արարքին մասին տեղական ոստիկանութիւնը տեղեակ կը պահէ: Սակայն հակառակ ոստիկանութեան խիստ հսկողութեան եւ առած նախազգուշական միջոցառումներուն, Ժան օր ցերեկով, իբրեւ «Հայկական իրաւունքներու պահանջատէր երիտասարդներու «Սասունցի Դաւի»»չ խմբակի անդամ, իր ծրագիրը կ՛իրականացնէ՝ ահաբեկելով թուրք դեսպան Վեհիթ Տեմիրը:
Ոստիկանութիւնը յանկարծակիի գալով հայ մարտիկ-հերոսին հետքն իսկ չի կրնար գտնել: Ապա, որոշ ժամանակ մը ետք, վիպակին հերոսը ինքզինք ոստիկանութեան կը յանձնէ այն հաստատ համոզումով, որ զինք դատելով՝ իր ազգին դատը աշխարհի տարածքին պիտի լսուի կամ կարդացուի: Վերջաւորութեան, քաղաքական աղտոտ հաշիւներու զոհ երթալով՝ հերոսը իբրեւ ոճրագործ՝ կը դատապարտուի:
Դիտումնաւոր կերպով չեմ ուզեր ասկէ աւելի մանրամասնել վիպակը, կամ անոր նիւթը բացայայտել, որպէսզի առիթ տրուի ընթերցողին եւ մանաւանդ պատանիներուն, որ զայն կարդան մեծ ուշադրութեամբ, խորանան հոն տեղ գտած գաղափարներուն մէջ եւ անոնցմով ոգեզինուած՝ դառնան մէկական երաշխիք՝ մեր ժողովուրդի ուժի ամրապնդման եւ նպատակներու իրականացման:
Հատորին պարզ լեզուն ու ոճը ինքնին դիւրասահ կը դարձնեն անոր ընթերցումը. հոն կը տողանցեն միտքեր ու համոզումներ, որոնք ամուր խարսխուած են հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքին մէջ։
Դարերու ստրկացնող եւ անընդունելի վիճակին ընդդիմացող մեծ հերոսին արարքը եւ անոր նման գրիչով հրապարակելու ճիգը պարզապէս կը միտի զերծ կացուցել հայ պատանին իր անգիտակից բարդոյթէն, անոր զգաստութիւնը վերանորոգել, անոր ազգային արժանապատուութիւնն ու մտածելակերպը թարմացնել՝ յանուն մեր հաւատամքին:
Անկախ իր բարոյական ներդրումէն, հոս է, որ ազգային պատգամին կողքին, լուսարձակի տակ առնուած է հայօրէն աննահանջ եւ հաւաքականօրէն գիտակից ու կազմակերպ սերունդ մը ունենալու մեր փափաքը:
Հեղինակի գիտակիցէն ու ենթագիտակիցէն թելադրուած այս վիպակը ողջունելի իրագործում մըն է, ուր շունչ կայ բառերուն մէջ, իսկ տողերուն մէջէն կ՛անցնի մեր նորօրեայ պատմական իրականութիւնը:
Ինծի համար հետաքրքրական գիրք մը ըլլալէ աւելի՝ մեր ազգային նոր պատմութիւնը յիշեցնող գեղեցիկ, խրախուսիչ, դաստիարակիչ ու տպաւորիչ երկ մըն է գրչընկերոջս՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» վիպակի վերածուած վէպը, զոր մեծապէս կը գնահատեմ՝ ոչ միայն հեղինակին տարած աշխատանքին, այլ մեր ազգային նկարագիրի գոյներն ու թելերը այս հերոսով վառ պահելու իր բարի ճիգին համար:
Շնորհաւորութիւններս եւ ի սրտէ՝ վարձքը կատար: