Սիրելի Լեւոն, մի քանի շաբաթէն տարի մը պիտի ըլլայ մեզմէ ֆիզիքապէս յաւէրժ բաժանուելուդ: Սակայն վստահ եղիր, որ քու քաղցր յիշատակդ կը մնայ թարմ մեր սրտերուն մէջ եւ քու անունդ միշտ կը հնչէ մեր շրթներուն վրայ:
Երբէք չկարծես, թէ բոլոր անոնք, որոնք առիթը ունեցած էին քեզ մօտէն ծանօթանալու եւ վայելած էին քու հարազատ, անկեղծ եւ համեստ ընկերութիւնդ, կրնան մոռնալ քեզ: Երեք շաբաթ առաջ, Ալեքը, Արմիկը, Յակոբը, Թալինը, Նաթալին եւ ես այցելեցինք քեզի, եւ գունաւոր ծաղիկներով զարդարեցինք շիրիմդ. Մերելոցին յաջորդող օրն էր: Գարնանային զով ու խորհրդաւոր օր մը: Քու այնքան շատ սիրած Պրօշեան գիւղիդ դաշտերը արդէն կանաչ գորգով ծածկուած էին: Արագածը երբէք այնքան սիրուն չէր երեւցած աչքերուս: Եւ այդ բնութեան մէջ կը տեսնէի քու ժպտուն դէմքդ եւ կը լսէի քու ձայնդ: Գիտէի որ դուն հոն էիր, ներկայ էիր մեզ հետ, կը դիտէիր մեզ եւ ուրախ էիր մեր ներկայութեամբ: Եւ երբ կը նայէի քու շիրիմիդ, ինչու չէ, պիտի խոստովանիմ որ տարօրինակ նախանձի զգացում մը կ՛ունենայի, որովհետեւ դուն քու հանգիստդ գտած էիր քու ՇԱՏ սիրած Հայրենիքիդ գիրկին մէջ:
Սիրելի Լեւոն, ես եւ ինծի նման շատեր քեզ երբեք պիտի չմոռնանք: Քեզ մինակ պիտի չձգենք եւ ամէն առթիւ որ Հայաստան այցելենք, պիտի այցելենք նայեւ քեզի եւ պիտի զրուցենք քեզի հետ եւ պիտի յիշենք մեր անցեալի քաղցր յիշատակները:
Հողը թող թեթեւ մնայ վրադ, սիրելի Լեւոն եւ յիշատակդ միշդ անմառ մնայ մեր սիրտերուն մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ