ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ, Մայիս 26ին բացուեցաւ «Սփիւռքի հեռանկարները կլոպալացուող աշխարհում» խորագրեալ միջազգային երկօրեայ համաժողովը, որ կազմակերպուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ:
Համաժողովին նպատակն է քննարկել պետութիւն-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ուղիները եւ սփիւռք ունեցող պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հարցերը: Համաժողովին կը մասնակցին 12 երկիրներու՝ համապատասխան պետական մարմիններու ղեկավարներ եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան, ներկայացուց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը: Ս. Սարգսեան, ողջունելով համաժողովի մասնակիցները՝ յոյս յայտնած է, որ համաժողովը մեծապէս պիտի նպաստէ տարբեր պետութիւններու եւ այնտեղ ձեւաւորուած այլ ժողովուրդներու սփիւռքին ու անոնց հայրենիքներուն միջեւ համագործակցութեան:
«Յոյսով եմ, որ համաժողովը կը բացայայտի տարբեր ժողովուրդների սփիւռքներին միաւորող սկզբունքները, առկայ մարտահրաւէրները, հիմնահարցերը: Ժամանակի թելադրանքն է, որ միջազգային իրաւունքի սահմաններում կարգաւորուեն եւ լուծուեն սփիւռքին առնչուող ընդհանրական խնդիրները», ըսուած է նախագահի ուղերձին մէջ:
Համաշխարհայնացման գործընթացը, ժողովրդագրական տեղաշարժերը, ըստ նախագահին, ի յայտ կը բերեն հաւաքական ինքնապաշտպանութեան նոր հիմնախնդիրներ, որոնց մէջ առաջնահերթ են ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը, պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու վերացումը, ինչպէս նաեւ համատեղ ուժերով ահաբեկչութեան եւ պատերազմներու վտանգի բացառումը: Այս համաթեքսթին մէջ նախագահը կարեւոր համարած է ժողովրդավարական ու պատմամշակութային արժէքներ որդեգրած սփիւռքին դերը:
Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ իրենց ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ աւելի քան 40 երկիրներու մէջ կը գործեն նախարարութիւններ ու կառոյցներ, որոնք կը զբաղին «սփիւռք» հասկացութեամբ, քաղաքականութեամբ եւ սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներով:
«Մեր երկու տարուայ փորձառութիւնը հնարաւորութիւն տուեց Հայաստանում մէկ յարկի տակ հաւաքել բոլոր նրանց, ովքեր զբաղւում են սփիւռքով, մեծ սփիւռք ունեն: Նախ՝ առաջինը փորձելու ենք փորձի փոխանակման առումով միմեանց լաւ ճանաչել, հասկանալ, թէ իւրաքանչիւր սփիւռք ի՞նչ կարգավիճակով է գործում եւ այլն», ըսաւ Հ. Յակոբեան: Անոր խօսքով, երկրորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի «սփիւռք» երեւոյթին վրայ, որովհետեւ սփիւռքը հայրենիքէն դուրս ապրող մարդոց խումբ է, եւ անիկա ունի իրաւունքներ ու պարտականութիւններ:
«Մեր նպատակներից մէկն այն է, որ դիմենք ՄԱԿին՝ յանձնախումբ ստեղծելու համար, որ վերջինս սկսի ուսումնասիրել «սփիւռք» երեւոյթի բազմաշերտ, բազմաձեւ, բազմակարիք գոյութիւնը: Պէտք է համատեղ մշակել կառուցակարգեր, որոնք կարող են օգնել սփիւռքին», նշեց Հ. Յակոբեան:
Համաժողովի իր ելոյթին մէջ, Հ. Յակոբեան անդրադաձաւ սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ սփիւռքներու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցերու: Մասնաւորապէս, նախարարը նշեց, թէ սփիւռքի ապագայ հեռանկրաներուն մասնակցութիւն ունենալ կը նշանակէ՝ համընդհանուր արժէքներու տարածում եւ բազմակողմանի գործակցութեան, բազմամշակութային երկխօսութեան նպաստող համաշխարհային դաշտի ձեւաւորում:
«Դա նշանակում է, որ սփիւռքի նկատմամբ քաղաքականութիւնը ստացել է ոչ միայն ազգային, այլեւ վերազգային եւ կլոպալ կարեւորութիւն», ըսաւ Հ. Յակոբեան:
Համաժողովի աւարտին կը նախատեսուի կատարել հետագայ նախաձեռնութիւններու եւ իրականացուելիք աշխատանքներու վերաբերեալ յայտարարութիւն մը:
Այո ողչունելի է միտքը եւ ծրագիրը բայց եւ այնպէս Ս․ Մեսրոպ
Մաշտոցի Այբուբենը եւ Տառերու Վէրակենդարացնելը կը տիրէ
Սփիւրքահայութեան թիւ Մէկ Մտահոգութեան հիասթաբութիւնը,
այս մէկը անպայման պետք է դասւորուի Օրակարգերուն Թիւ Մէկը,
Քսան Տարի անցած է Վէրածնունդ Անկախութենէ սակայն մինչեւ
օրըս ոեւէ Շօշափելի Շինիչ քայլ մը իսկ գործադրուած չէ ԱՄՕԹ․
Ով էր Ընտրողները 12 Սփիւրքեն Երկիրներուն Անդամները?
Եթէ դուք եղած եք իբրեւ Իշխանութիւնը Ներկայացնող բարի
կ’լլայ այն ատեն ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՄԲ ՈՉ ՈՒՐԻՇ ԵԼՔ։
ԿԷՑՑԷ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
ԿԷՑՑԷ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸvv