ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 26ին մասնակցած է Շուշի քաղաքին մէջ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կառուցուած Ղազանչեցոց փողոցի եւ Շուշիի կեդրոնական գրադարանի նորակառոյց շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է «Հայաստան» Հիմնադրամին, Շուշիի մէջ վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելուն համար, ընդգծելով, որ քաղաքի զարգացման ամենայուսալի հիմքը կը հանդիսանայ համայն հայութեան ուժերու համախմբումն ու այստեղ համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:
Արարողութիւններուն մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեան, փոխվարչապետ Սպարտակ Թեւոսեան, կառավարութեան անդամներ, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, ինչպէս նաեւ հիւրեր Սփիւռքէն: