Համոզուած ենք ու իբրեւ դաւանանք ընդունած, թէ Հայաստանի անկախութիւնը սրբազան գաղափար է, բացարձակ արժէք, գերագոյն նպատակ:
Ժառանգած ենք Մայիս 28 կերտած ու հայ ժողովուրդին անկախութեան երազը իրականացուցած հերոսական սերունդներու թողած արիւնոտ աւանդը, որ կը պատգամէ, թէ՝ Հայրենիքի անկախութեան գաղափարակիրները սոսկ հաւատացեալներ չեն ըլլար, այլ՝ զինուորագրեալներ:
Այդ պատգամով ապրողները, իրենց կեանքի իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին, հայրենիքի անկախութեան ամրապնդման գործին իրենց մասնակցութեան հաշուեքննութիւնը կը կատարեն ու միշտ աւելիին ձգտելու, աւելին իրագործելու մարտահրաւէրը ընդունելով՝ կը դիմագրաւեն նոր արշալոյսները:
Ի՞նչ կրնաս տալ հայրենիքիդ, որ ան մնայ անկախ, անպարտելի ու հզօր: Ի՞նչ կրնաս տալ, մանաւանդ, երբ կ՛ապրիս հեռու անոր սահմաններէն: Ի՞նչ կրնաս տալ, որպէսզի արժանի ըլլաս անոր սիրոյն, գնահատանքին: Ի՞նչ կրնաս տալ, որպէսզի անոր հարազատ զաւակը ըլլալու արժանաւորութեան ամէն բարդոյթէ ազատ ըլլաս: Անշուշտ նոյն այդ բարդոյթը արհեստածին է՝ տգիտութեան, անհանդուրժողութեան ու կարճատեսութեան ծնունդ, որուն միջոցաւ, յանուն հայրենիքի բարբառող ինքնակոչ նուիրակներ, հայրենասիրութեան դասեր կու տան աջ ու ահեակ՝ ամէնէն պարզունակ յատկանիշներով սահմանելով ու սահմանափակելով հայրենիքին հանդէպ քաղաքացիական պարտքի գիտակցութիւնը:
Ի՞նչ կրնաս ընել հայրենիքիդ համար, ի՞նչ կրնաս տալ հայրենիքիդ, առանց որեւէ սակարկութեան, առանց որեւէ ակնկալութեան, առանց որեւէ նախապայմանի: Ո՛չ քաղաքացիութիւն, ո՛չ երկիր մուտք գործելու արտօնեալ կարգավիճակ, ո՛չ մէկը այս կամ այլ շնորհներէ կրնայ հիմք ծառայել փոխադարձութեան յարաբերութիւն մը ստեղծելու մեր ու հայրենիքին միջեւ, եւ այսպէս է, որովհետեւ հայրենիքին ու անոր անկախութեան ծառայելը, նպաստելը, յանուն անոր ամրապնդման աշխատիլը սրբազան պարտք է, իսկ հայրենիքին համար զոհաբերուելու պատրաստակամութիւն ունենալը, գերագոյն զոհաբերութեան պսակին արժանացած հերոսներու օրինակին հետեւիլը՝ մեծագոյն փառասիրութիւն:
Թող անսասան մնայ անկախ Հայաստանը, թող գալիք սերունդներուն մեր պարտքը ըլլայ ազատ, անկախ, միացեալ հայրենիքը: