
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ իր մասնակցութիւնը բերած է Ապրիլ 29-30ին, Երեւանի մէջ կայացած «Հայ առեւտրականներու ցանց» կազմակերպութեան հաւաքին, որուն ընթացքին Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նիք Յակոբեան ընտրուած է ցանցին ներկայացուցիչը Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ համար:
Հաւաքը կազմակերպուած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Գանատա-Հայաստան առեւտուրի խորհուրդին ու Հայաստանի առեւտուրի գրասենաեկին համատեղ ջանքերով՝ նպատակ ունենալով սերտացնել աշխարհի տարածքին գործող հայ առեւտրականներու միջեւ կապերը:
Ամերիկայէն ներկայացուցիչներու կողքին, Երեւանի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Ֆրանսայէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Պելճիքայէն, Իրանէն ու Արցախէն առեւտրականներ:
«Հայ առեւտրականներու ցանց»ին ատենապետը ընտրուած է Գանատա-Հայաստան առեւտուրի խորհուրդէն Վահրամ Փիրճանեան, իսկ չորս շրջանային փոխատենապետներ ընտրուած են Մարթին Սարգսեան (Հայաստան եւ ԱՊՀ), Ժագ Աւտոյեան (Եւրոպա), Նազարէթ Սապունճեան (Միջին Արեւելք) եւ Նիք Յակոբեան (Ամերիկաներ ու Աւստրալիա): Քարտուղար ու գանձապահի պաշտօնին յաջորդաբար ընտրուած են Հրաչ Գասպար ու Ժօ Ելքէզեան:
Որոշուած է «Հայ առեւտրականներու ցանց»ին յաջորդ հաւաքը գումարել Մայիս 2012ին, Արցախի մէջ: