ԹԻՖԼԻՍ, «Այսօր».- Մայիս 29ին, Թիֆլիսի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող պատմական «Մէյտան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է մայիսեան աւանդական Սայաթնովեան վարդատօնը, որուն ներկայ եղած են հիւրեր Հայաստանէն, Արցախէն եւ Վրաստանի տարբեր անկիւններէ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններով, տօնին առթիւ ներկաները շնորհաւորած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեանը, որ մասնաւորապէս նշած է, թէ այս բոլորը փոքրիկ պարտականութիւն է այն մեծ ստեղծագործողին հանդէպ, որուն անունը Սայաթ Նովա է:
«Թերեւս չկայ մի հայ մարդ, մի հայ մանուկ, որի կեանքը եւ որպէս անհատ ձեւաւորման փրոցեսը անցած չլինի Սայաթ Նովայի հնչիւնների ներքոյ: Սակայն ամէն տարի այս տօնը նշելիս, բոլորս պէտք է մի պահ մտածենք, թէ արդեօք մենք ամէն ինչ արե՞լ ենք, որպէսզի արժանւոյն գնահատենք Սայաթ Նովայի արուեստը, աշխարհին իսկապէս մատուցենք այն մեծ ժառանգութիւնը, որը թողել է նա մեզ», ըսած է Մանուկեան:
Սայաթ Նովայի ստեղծագործական ժառանգութեան մասին ելոյթներ ունեցած են նաեւ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, Վրաստանի նախագահի՝ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցով խորհրդական Վան Պայպուրթ եւ Երեւանէն մեկնած հիւրեր։ Ընթերցուած է ողջոյնի ուղերձ մը Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ:
Տօնին առիթով կայացած համերգին ընթացքին հանդէս եկած է Երեւանէն մեկնած «Սայաթ Նովա» երգչախումբը՝ Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ, Թիֆլիսի «Ճէյրան» պարային խումբը՝ Սվեթլանա Երիցեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի պետական հայկական դրամատիկական թատրոնի դերասաններ եւ մենակատարներ Հենրիխ Պօղոսեան, Աննա Խանչալեան, Անահիտ Յարութիւնեան եւ ուրիշներ: