ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Յունիս 3ին կայացաւ 2010-2011ի ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութան նախաձեռնութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած տասը գիրքի եւ ձայնասկաւառակի շնորհահանդէս, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Սփիւռքի հայկական համայնքներու, Սփիւռքի գրական եւ լեզուաբանական ժառանգութեան ու արտերկիր գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան իրաւական կարգավիճակին վերաբերեալ գիտական աշխատանքներ՝ «Հայկական համայնքները ԱՄՆում», «Հայ համայնքների ինքնակազմակերպման խնդիրները Հարաւային Ռուսաստանում», «Հետխորհրդային երկրների հայկական համայնքների ինքնութեան խնդիրները եւ տեղեկատուական ռեսուրսները», «Արտերկրում գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան իրաւական կարգավիճակը», «Գրական Սփիւռք» տարեգիրք, «Ռուսաստանի հայկական Սփիւռքի մասին», «Հայկական համայնքները Խորհրդային Հանրապետութիւններում», «Արեւմտահայերէնի քերականութեան գործնական աշխատանքների ձեռնարկ», «Ռուբէն Սեւակի Հատընտիր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններու ձայնասկաւառակը:
Հանդիսութեան ողջոյնի խօսք յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ընդգծելով իրականացուած գիտական հետազօտութիւններու մեծ կարեւորութիւնը Սփիւռքի հիմնախնդիրներու լիարժէք իմացութեան եւ անոնց լուծման ուղիներու որոնման առումով:
Շնորհահանդէսին ներկայ էր նաեւ Մխիթար Հերացիի անուան Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի սփիւռքահայ ուսանողուհի Ամի Լաչիկեան, որուն շնորհուած է Ռուբէն Սեւակի անուան կրթաթոշակը, ինչպէս նաեւ Ռուբէն Սեւակի զարմիկ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի ներկայացուցիչ (դստեր ամուսին) Յակոբ Աւագեան: