ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Ուրբաթ, Յունիս 2ին բախումները շարունակուեցան նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերուն եւ անոր ընդդիմադիրներուն միջեւ: Նախագահական պահակագունդը ռմբակոծեց հաշետ ցեղախումբի պետ շէյխ Սատեք Ահմարի բնակարանը։ Շէյխ Ահմարի տան ռմբակոծման իբրեւ պատասխան, երկու ռումբեր հարուածեցին նաեւ նախագահական նստավայրին մզկիթը, ուր նամազ կատարող պաշտօնատարներու շարքին վիրաւորներ արձանագրուեցան, իսկ նախագահ Սալեհի թիկնապահներէն երեքը ու կրօնական մը սպաննուեցան։ Վիրաւորներուն շարքին էր նաեւ նախագահ Սալեհը, Եմէնի վարչապետը, փոխվարչապետն ու խորհրդարանի նախագահը։
Իրարու դէմ ճակատող երկու կողմերը զիրար ամբաստանեցին մահափորձ կատարելու յանցանքով: Եմէնի նախագահը աւելի ուշ մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ հերքեց այն լուրը, թէ ինք սպաննուած է։