
ԼԱ ՔԱՆԻԱՏԱ.- Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Մայիս 13ին տեղի ունեցաւ ընթրիք-դասախօսութիւն մը, «La Canada Country Club»ի սրահին մէջ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկերակցութեան ատենապետ Շահան Մինասեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք տեղեկութիւններ փոխանցեց ընկերակցութեան գործունէութեան մասին, ու ներկայացուց վերջերս ընտրուած վարչութեան անդամները՝ Էնճըլօ Ղայիլեան (առաջին փոխատենապետ), Թալին Հաննա (երկրորդ փոխատենապետ), Սագօ Նալպանտ (գանձապահ) ու Սեդա Խաճարեան (կրթանպաստի յանձնախումբի ատենապետ): Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ տեսաերիզ մը՝ ընկերակցութեանց անդամներուն Սանթա Պարպարա այցելութեան մասին, որուն ընթացքին անոնք այցելած էին տեղւոյն թանգարանին մէջ Չարլզ Կարապետեանի գործերու ցուցահանդէսը:
Օրուան դասախօսն էր դոկտ. Մարտի Ղազարեան, որ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ճափոնի երկրաշարժին, ծովաշարժին ու հիւլէական աղէտին մասին, շեշտելով, թէ անոնցմէ պէտք է դասեր քաղենք, որպէսզի աւելի լաւ պատրաստուած ըլլանք, եթէ նման աղէտներ պատահին նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ: Ապա տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը:
Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 685-9946 թիւին, apsla@apsla.org հասցէին կամ այցելել www.apsla.org կայքը: