ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը եւ անոր հետեւեալ անդամները՝ «Mary՛s Floral Couture», «Sedthee Thai Restaurant», «Wine Shopping Network», «Arka Photography», «White Night Design» եւ «Favorite Place Restaurant», որոշած են գործնական մասնակցութիւն բերել Կլենտէյլի Երիտասարդ տղամարդկանց քրիստոնէական միութեան (YMCA) 85ամեակի տօնակատարութեանց՝ հովանաւորելով միութեան նորագոյն կեդրոնին՝ «Կուինտըլին Սեքսթըն» անուան հիմնարկի երիտասարդական նոր կեդրոնին բացման արարողութիւնը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունիս 8ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի YMCA-ի մէջ (140 N. Louise St. Glendale 91206): Արարողութեան ընթացքին, երիտասարդական շարք մը խումբեր ելոյթներ պիտի ունենան: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 240-4130 թիւին կամ այցելել www.glenymca.org կայքը: