
Անցեալ Շաբաթ օր, Յունիս 4ին, 18 հայորդիներ կատարեցին իրենց երդումը եւ միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն:
Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Կնքահայրութեան պատասխանատու պարտականութիւնը կատարեց շրջանիս վաստակաւոր ընկերներէն՝ իրաւաբան Արմանտ Քէօսեան:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ արարողութեան բացումը կատարեց ու նորագիրները ներկայացուց Մայտա Բաբումեանը: Երդուողները հետեւած են դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի մը, որուն ընդմէջէն, անոնք հանգամանօրէն ծանօթացած են ՀՅԴ պատմութեան, գաղափարախօսութեան եւ աւանդոյթներուն, յայտնեց Բաբումեան:
Կնքահայրը, նախքան երդում կարդալը, հարց տուաւ թեկնածուներուն, որպէսզի վստահ ըլլայ անոնց հաստատակամութենէն եւ համոզումէն: Բոլոր թեկնածուները յայտարարեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ միանալու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն:
Արմանտ Քէօսեան, որ իր դաշնակ-ցականի երդումը տուած էր 55 տարիներ առաջ, իր պատգամը փոխանցեց նորագիրներուն՝ նախ անոնց ներկայացնելով Ամերիկայի տարածքին ՀՅԴի գործունէութեան ամփոփ զեկուցում մը, ապա բացատրելով անոնց իրենցմէ ակնկալուածը, աշխատանքը, նուիրումը, զոհաբերութիւնը, այն բոլորը, զորս իրականացնելու յանձնառութեան տակ մտած էին իրենց երդումով:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան շնորհաւորեց նորագիրները եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց՝ շարքերէն ներս: Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը երեկոյեան տեղի պիտի ունենար Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնը՝ Իզմիրլեան նորագիրներուն փոխանցեց Մայիս 28ի խորհուրդը:
Երեկոյեան, «Սի.Պի.Էս.»ի բացօթեայ սթիւտիոյին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 93րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:
Ձեռնարկի առաջին մասով ելոյթ ունեցան անկախութեան տօնակատարութեան միջոցառումը կազմակերպող յանձնախումբի ներկայացուցիչ Լենա Պօզոյեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
Բոլոր հռետորները շեշտեցին Սարդարապատի, Պաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսէյի հրաշալի յաղթանակներով Արամ Մանուկեաններու սերունդին դարբնած Հայաստանի անկախ հանրապետութեան անփոխարինելի տեղը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, իբրեւ՝ պետականութիւն վերականգնելու ու մեր ազգի մնացորդացին գոյատեւման ամրագոյն կռուաններ ապահովելու գրաւական:
Երեկոն իրենց ժողովրդական, ազգային-հայրենասիրական երգերով խանդավառեցին Ժոզէֆ Գրիգորեանն ու Գառնիկ Սարգիսեանը: