
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ընդյատակեայ «Էրկենեքոն» ահաբեկչական ցանցին հարցով ձերբակալեալ ամբաստանեալներու հարցաքննութիւնը կը շարունակուի ամենանուրբ եւ յետին մանրամասնութիւններով։
Երեքշաբթի, Յունիս 7ին, Պոլսոյ վճռաբեկ ատեանին մօտ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ ամբաստանեալներէն Սերվեթ Գայնաք։ Դատաւոր Հասան Հիւսէյն Էօզեսէ Գայնաքի հարց տուաւ, թէ ան ինչպէ՞ս ճանչցած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը, որովհետեւ բացայայտուած անուններու ցանկի մը համաձայն, ծրագրուած էր մահափորձ կատարել պատրիարք Մութաֆեանի դէմ եւ ամբաստանեալներու ցանկին մէջ տեղ գրաւած էր նաեւ Գայնաքի անունը։
Գայնաք պատասխանեց, որ «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, ոստիկանութեան եւ ապահովութեան ուժերուն շրջաբերականներ ղրկուեցան՝ հրահանգելով, որ եկեղեցիները՝ արարողութիւններու ընթացքին, պաշտպանութեան տակ առնուին։ Իբրեւ ոստիկան՝ իրեն եւս պաշտպանութեան պաշտօն յանձնուած էր։ «Բայց եկեղեցիներու մէջ պաշտպանութեան այնպիսի խիստ միջոցներ առնուեցան, որ ամէն մարդ անհանգստանալու սկսաւ։ Ես ալ եկեղեցիէն պատասխանատուի մը հետ տեսակցեցայ եւ մենք, հայ համայնքը ճանչցող անձի մը ընկերակցութեամբ, իբրեւ գաղտնի ոստիկաններ եկեղեցիին մէջ պաշտօն ստանձնեցինք եւ ապահովութիւնը հաստատեցինք։ Աւելի ուշ, ես Պէյօղլուի մէջ Մութաֆեան պատրիարքի թիկնապահի պաշտօնով, իրեն հետ միասին Հայոց գերեզմանատունը գացի», ըսաւ Գայնաք, աւելցնելով, որ ամբաստանեալներէն Իպրահիմ Շահին, Մութաֆեան պատրիարքի կապակցութեամբ իրեն որեւէ բան չէ ըսած։
Գայնաքէն ետք դատարան ներկայացաւ նաեւ նախկին ոստիկան Մեհմետ Տալական, որ ներկայացուց իր պաշտպանողականը՝ մերժելով իրեն վերագրուած ամբաստանութիւնները, յայտնելով, որ իրեն ահաբեկիչի պիտակ փակցնել ջանացող անձերը պէտք է նախ հայելիին նային։ Ինք կը վերադարձնէ իրեն դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները այն անձերուն, որոնք զրպարտած են զինք։