ՊԱՔՈՒ, «ՓանԱրմինիըն».- Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կատարած յայտարարութիւնները թէ՝ արդէն պայմանաւորուածութիւն կայ խաղաղապահական ուժերու կազմի մը մասին, որ իբրեւ թէ պիտի տեղակայուի Ղարաբաղի մէջ, չեն համապատասխաներ իրականութեան:
«Բանակցութիւններու ընթացքին նման հարց չի քննարկուիր: Ներկայիս կը քննարկուի միայն Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը: Խաղաղապահական ուժերու ո՛չ կազմին, ո՛չ ալ թիւին շուրջ համաձայնութիւն կայ կողմերուն միջեւ», յայտնած է աղբիւրը:
Նշենք, որ ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը Յունիս 8ին, Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած էր, թէ «պայմանաւորուածութիւն կայ, որ խաղաղապահ ուժեր ձեւաւորուին ո՛չ (Մինսկի խումբի) համանախագահ երկիրներէն եւ ոչ ալ հարեւան երկիրներէն։ Բոլոր այդ հարցերը լրացուցիչ քննարկման կարիք ունին», ըսած էր Էլմար Մամետեարով: