ԼՈՆՏՈՆ, «Ազգ».- Շաբաթ, 14 Մայիսին, Լոնտոնի Նաւասարդեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական շքեղ երեկոյթ մը՝ նուիրուած հայ մեծանուն գրող, փիլիսոփայ-արուեստաբան Կոստան Զարեանի )1885-1969)։
Մինչ հանդիսականներ իրենց տեղերը կը գրաւէին նորոգեալ ու գեղեցիկ դահլիճին մէջ, խոշոր պաստառի մը վրայ կը ցուցադրուէին Զարեանի կեանքի զանազան տարիներու լուսանկարները։
Համայնքի յայտնի մտաւորական Մանուէլ Ադամեան բացման խօսք արտասանեց, ապա պատմեց իր անձնական հանդիպումներն ու յիշողութիւնները մեծ գրողին մասին՝ Պէյրութ եւ Երեւան։
Այնուհետեւ, Զարեանի կեանքն ու գործը հանգամանօրէն ներկայացուց բանասէր-արուեստաբան Սեդա Անանեանը, որ 1966-1967ին աշխատած է գրողին հետ, իբրեւ անոր քարտուղար-օգնականը։ Բանախօսը ըստ ժամանակագրութեան, ծանօթացուց հեղինակի հիմնական գործերը )«Անցորդն ու իր ճամբան», «Տատրագոմի հարսը», «Բանկոոպը եւ մամութի ոսկորները», «Սպանիա, Միացեալ Նահանգներ», «Նաւը լերան վրայ», «Կղզին եւ մարդը» եւ ալն), նշելով որ յիշեալ ստեղծագործութիւնները առաջին անգամ տպագրուած են Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ։ Ան կարեւոր նկատեց նաեւ այն իրողութիւնը, թէ հակառակ անոր, որ Կոստան Զարեանի անհատականութիւնն ու գեղագիտական մտածողութիւնը ձեւաւորուած է եւրոպական, յատկապէս իտալական մշակոյթի միջավայրի մէջ, ան աներկբայ ինքզինք հայ գրող զգացած է, «հայ ժողովուրդի ճակատագիրը փնտռող մարգարէ մը», ըսաւ բանախօսը։
Հայաստանի մէջ ապրած տարիներուն )1962-1969), ան թէեւ չունեցաւ իրեն արժանի լայն ճանաչումը, սակայն մեծ յարգանքի արժանացաւ մտաւորական դասակարգին կողմէ։
Յաջորդ բանախօսը Թամար Գեղամեան-Մինասեանն էր, որ մեկնաբանեց Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» )Պոսթըն, 1943) ծաւալուն վէպը՝ տալով իր ուրոյն ու դիպուկ վերլուծութիւնը այդ գործի գաղափարական բովանդակութեան եւ հայ ժողովուրդի ճակատագիրով մտահոգ գրողի պայծառատեսութեան։
Վերջին բանախօսն էր դոկտ. Գագիկ Թամանեան )անուանի ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի թոռը), որ խօսեցաւ Զարեանի «Երեք երգեր» վիպերգի իտալերէն հրատարակութեան )1916) մասին։ Ան նշեց, որ այս ստեղծագործութեան ներշնչումով Օթթորինօ Ռեսպիկի )1879-1933) յօրինած է «Լա բրիմավերա» քանթաթը 1919ին։
Հաւաքոյթի ընթացքին Սլովաքիոյ ձայնասփիւռի սինֆոնիք նուագախումբի եւ ֆիլհարմոնիք երգչախումբի մեկնաբանութեամբ հատուած մը հրամցուեցաւ այդ քանթաթէն։
Հանդէսին իր շնորհալի մասնակցութիւնը բերաւ ներկայիս Կլասկոյի )Սկովտիա) երաժշտանոցի ուսանողուհի, երգչուհի Անոյշ Յովհաննիսեանը, որ բացառիկ զգացողութեամբ կատարեց Նարեկացիի խօսքերով «Հաւուն-Հաւուն» շարականն ու Կոմիտասի «Օրօր»ը։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ պատանի ջութակահար Գրիգոր Յարութիւնեան եւ 12ամեայ Շուշանիկ Յարութիւնեան։
Ռաֆֆի Եղիկեան ոգեւորութեամբ արտասանեց Կոստան Զարեանի «Ձին, գարունը եւ Հայաստանը» բանաստեղծութիւնը։
Հանդիսականներ խորապէս տպաւորուած բաժնուեցան դահլիճէն, իրենց հետ մասնիկ մը տանելով Կոստան Զարեանի հայրենաշունչ ոգիէն։