ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիսի կէսերուն Երեւան հասաւ Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ ուղարկուած բժշկական սարքերու նոր խմբաքանակ մը:
Տիթրոյիթի մէջ քանի մը հայ ազգայիններու գործադրած ճիգերուն շնորհիւ, ՀՕՄը յաջողած էր զանազան ատամնաբոյժներէ ստաaնալ ատամնաբուժական աթոռ, շողարձակման ու հականեխումի սարքեր եւ այլն: Ստացուած սարքերու շարքին էին որոշ քանակութեամբ դեղեր:
Այս սարքերու կողքին, ՀՕՄը ստացած էր նաեւ ակնաբուժական զանազան սարքերով օժտուած կայան մը՝ որոշ քանակութեամբ ակնոցներով ու համապատասխան ապակիներով:
Այս բոլոր իրերը, Հայկական Միացեալ Ֆոնտին միջոցաւ բեռնարկղով մը ուղարկուեցան Հայաստան:
Ատամնաբուժական կայաններէն մէկը պիտի յատկացուի ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» կեդրոնին, միւսը՝ æաւախքի, իսկ մնացեալ երկու ատամնաբուժական կայաններն ու ակնաբուժական սարքերը՝ ՀՕՄի Հայաստանի շրջանային վարչութեան հայեցողութեամբ՝ բարեսիրական ծառայութիւն մատուցող առողջապահական հիմնարկներու:
«Ընդգծուած ձեւով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Արմէն Թոփուզեանին եւ տոքթ. Ռոպերթ Խաչատուրեանին, առանց որոնց ճիգին, անկարելի պիտի ըլլար մեզի համար այս սարքերը ձեռք ձգել, ապա մշակել այնպէս, որ կարելի ըլլայ զանոնք ապահով ու փոխադրելի դարձնել եւ հասցնել Հայաստան», յայտնեց ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Շաքէ Պասմաճեանը, որ իր կարգին Տիթրոյիթի բնակիչ ըլլալով՝ ամիսներ աշխատած էր իրերը պատրաստելու եւ Հայաստան տեղափոխելու համար:
«Շնորհակալութիւն նաեւ ԱՄՆ Միշիկըն նահանգէն Բարսեղեան ընտանիքին, որ ակնաբուժական սարքերն ու իրերը յատկացուց ՀՕՄին», աւելցուց ան:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ բժշկական սարքերու կողքին, նոյն բեռնարկղով Հայաստան ուղարկուած էր երեխաներու յատուկ՝ շուրջ չորս հարիւր բարեկենդանի տարազներ, որոնք տրամադրուած էին Ուսթըրի մէջ գործող եւ Արուանիկեան ընտանիքին պատկանող «Halloween Outlet» հաստատութեան կողմէ: