– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու այս ամսուան ընթացքին դէպի Կազա նոր նաւատորմիղ մը ղրկելու պատրաստուողները խրատեց սպասել եւ տեսնել, թէ Եգիպտոսի կողմէ Կազայի շրջափակման ջնջումը եւ պաղեստինեան ազգային միասնութեան կառավարութեան կազմութիւնը ինչպիսի՞ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Կազայի վրայ։ Ասիկա առաջին անգամն է, որ Տաւութօղլու նաւատորմիղի կազմակերպինչերուն կը թելադրէ վերատեսութեան ենթարկել իրենց ծրագիրները։ Ան, մինչեւ այժմ, կը մերժէր նաւատորմիղի նաւարկումին արգելք հանդիսանալու ամերիկեան եւ իսրայէլեան կոչերը, յայտնելով, որ ծրագիրը քաղաքային նախաձեռնութիւն մըն է եւ կառավարութիւնը չի կրնար միջամտել։
– Զուիցերիոյ խորհրդարանը Յունիս 8ին որոշեց երկրի տարածքին գործող հինգ հիւլէական կայանները աստիճանաբար փակել, մինչեւ 2034։ Ճափոնի երկրաշարժին պատճառած Ֆուքուշիմայի հիւլէակայանի արկածէն ետք, Գերմանիա փակեց իր 17 հիւլէակայաններէն ութն, իսկ մնացեալը մինչեւ 2022 փակելու բանաձեւը մօտիկ ապագային պիտի քննուի Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ:
– Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, թէ Անտորա եւս ճանչցած է Քոսովոյի անկախութիւնը։ Քոսովօ Սերպիայէն իր անկախութիւնը հռչակած էր 2008ին ու ցարդ անոր անկախութիւնը ճանչցած 75 երկիրներու շարքին են Միացեալ Նահանգները, Ճափոնը եւ Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներ։