
ԼՈՆԿ ՊԻՉ.- ՀՕՄի Լոնկ Պիչի «Ծովինար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Մայիս 15ին տեղի ունեցաւ Բալուի երգերուն նուիրուած Պետոս Ալահայտոյեանի հատորին ներկայացումը: Հեղինակը խօսեցաւ «Բալուի (եւ տարածաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ» հատորին պատրաստութեան համար իր տարած աշխատանքներուն եւ երգերու արձանագրութեանց մասին, ապա աւարտին մակագրեց գիրքէն օրինակներ: