
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Եւրոպական խորհրդարանի Յունիս 15ին կայացած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով լսումներու ամփոփիչ յօդուածին, անցեալ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի եւ կառավարութեան անդամներուն կողմէ, բազմաթիւ անգամներ, ուղղակիօրէն հնչած են պատերազմի սպառնալիքներ, որոնցմէ վերջինն էր Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխխօսնակ, խորհրդարանի Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Զիյաֆեթ Ասքերովի այն պնդումը, թէ՝ «եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չլուծուի խաղաղ ճանապարհով, եւ եթէ քազանեան հանդիպումէն ետք յոյսերը չքանան, ապա Ատրպէյճանը ինքնիրեն իրաւունք պիտի վերապահէ ազատագրելու իր տարածքները, որոնք գրաւուած են ռազմական միջոցներով»:
Եւրոխորհրդարանը կը յիշեցնէ Պիշքեքի հրադադարի մասին համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի, Եւրոպայի խորհուրդի, ՄԱԿի, ԵՄի հետ եւ շարք մը երկկողմանի համաձայնագիրներով ստանձնած Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնները: «Ցաւօք, այս հիմնարկներուն մէջ հազուադէպ կը դատապարտուին պատերազմական նման սպառնալիքներ», կը նշուի ամփոփիչ յօդուածին մէջ:
Ղարաբաղի հարցով տեղի ունեցած լսումներուն ընթացքին նաեւ ուրուագծուեցաւ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման ակնկալիքները: Ելոյթներ ունեցան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի եւ Պեռնար Ֆասիէ, որոնք յոյս յայտնեցին, որ Քազանի հանդիպման ընթացքին հնարաւոր պիտի ըլլայ համաձայնութեան հասնիլ հիմնարար սկզբունքներու շուրջ:
Լսումներուն ընթացքին Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւրոպական ծառայութեան՝ Ռուսիոյ, Արեւելեան հարեւանութեան եւ Արեւմտեան Պալքաններու հարցերով տնօրէն Միրոսլաւ Լայչակ իր կարգին յայտնեց, թէ ռազմական ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրառումը անընդունելի է եւ դէմ է միջազգային իրաւունքին:
Ըստ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» (EuFoA) կազմակերպութեան քարտուղար Մայքըլ Քեմպեքի, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, մասնաւորապէս՝ Ֆասիէն, յստակ ազդանշան տուած են Պաքուին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ուժային լուծումը՝ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում պիտի ըլլայ: